Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Վաղը` Շանվիլ – ՀՄԸՄ

April 6, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը Շանվիլ դպրոցի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի սկսի իր ֆայնըլ 8-ի մրցումներու շարանը:

Ժամը 16:45-ին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը շատ կարեւոր ելոյթ մը պիտի ունենան, վերջին մրցումին արդիւնքներէն որքանո՞վ ազդուած կամ ոչ, վաղը կը գիտնանք: Վերջին մրցումին խումբի փլէյ-մէյքըր Ժատ Խալիլ վիրաւորած էր իր մկանը եւ 1 շաբաթէ ի վեր փորձերու չի մասնակցիր: Իր բացակայութեան (եթէ անշուշտ բացակայի) արդեօք Զեք Լոֆթըն պիտի առնէ՞ անոր դերը, կամ մեր ակումբի երիտասարդ տղաքը` Սէրուժ Աւետիսեան կամ Գէորգ Գէորգ դաշտ կը ներկայանա՞ն: Վստահաբար մարզիչ Ճօ Մըժաէս ինք աւելի լաւ գիտէ, թէ խումբին համար ի՛նչ պէտք է: Լոֆթըն անցեալ մրցումին պատժուած էր իրաւարարին հետ վիճելուն պատճառով: Զեք Լոֆթըն Լիբանանի լաւագոյն օտար մարզիկներէն մէկն է, սակայն քիչ մը աւելի զուսպ պէտք է ըլլայ, մանաւանդ այս հանգրուանի մրցումներուն, ուր որեւէ սխալ կրնայ շատ «սուղ»-ի նայիլ: Թանիոս Աքիքի իր կարգին վիրաւոր էր, եւ յստակ չէ, եթէ ան կրնայ մասնակցիլ վաղը: Ճիմի Սալեմ, որ տարեշրջանի սկիզբէն շատ կայուն ելոյթ չ՛ունենար, պիտի բացակայի, որովհետեւ անցեալ մրցումին դաշտէն վտարուած էր:

Խմբապետ Ժերար Հատիտեան, Կապրիել Աճէմեան, Կերի Չիւիչեան, Սէրուժ Աւետիսեան, Գէորգ Գէորգ, Տանիէլ Պաղտատեան, ինչպէս նաեւ Զեք Լոֆթըն, Ճամալ Ճոնզ եւ Տուէյն Ճեքսըն ամէն գնով պէտք է պայքարին, ուշադիր ըլլան ֆաուլերուն եւ լաւ պաշտպանել-նշանակելով մրցումը ղեկավարեն, հակառակ անոր որ Շանվիլ 3 օտարներով դաշտ պիտի ներկայանայ:

Ստորեւ` ֆայնըլ 8-ի յայտագիրը.

ՎԱՂԸ
Ժամը 16:45-ին Շանվիլ – ՀՄԸՄ (Շանվիլի դաշտ)
Ժամը 21:00-ին Ռիատի – Էն. Էս. Էյ. (Մանարայի մէջ)

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ժամը 21:00-ին Պէյրութ Ֆըրսթ – Անթունիէ (Շիյահի դաշտ)

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Ժամը 21:00-ին Սաժես – Անդրանիկ (Ղազիրի դաշտ)

 

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Աթլանթա Քիչ Մը Զսպեց Տոնչիչը…

Յաջորդը

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռապիթաթ Ուարտանիէ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.