Վաղը Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 8:00-ին Սուզուքայի շրջավազքին վրայ տեղի կ՛ունենայ Ֆորմիւլա 1-ի այս տարուան 4-րդ կրան փրին:
Ճափոնի կրան փրին կը բաղկանայ 53 շրջաններէ: Անցեալ տարի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն շահած էր կրան փրին` (յաղթելով նաեւ փոլ փոզիշընի մրցումին: Շրջավազքի մրցանիշը կը պատկանի Լուիս Համիլթընի, որ իր Մերսետեսով 2019-ին 1 շրջանը կտրած էր 1 վայրկեան 30,983 երկվայրկեանէն:
Վաղուան այս կրան փրին պիտի ըլլայ Ճափոնի 38-րդ կրան փրին եւ Սուզուքայի 34-րդը: Այս մրցումը տեղի չէր ունեցած 2020-ին եւ 2021-ին, Քովիտ-19 համավարակին պատճառով:
Նեղ եւ արագ շրջավազքը հին ձեւով թիւ 8-ի նման շրջավազք մըն է` արագ դարձուածքներով մօտ 295 քմ արագութեամբ:
Այժմու վարորդներէն Համիլթըն 5 անգամ շահած է այս կրան փրին 2007-ին (Ֆուճիի մէջ), 2014-ին, 2015-ին, 2017-ին եւ 2018-ին, մինչ Ֆեռնանտօ Ալոնսօ 2006-ին (Սուզուքայի մէջ) եւ 2008-ին (Ֆուճիի մէջ) շահած է: Այժմու ախոյեան Վերշթափըն 2022-ին եւ 2023-ին շահած է այս կրան փրին, մինչ Վալթերի Պոթաս 2019-ին շահած է:
Ֆեռարի վերջին անգամ 2004-ին շահած է այս շրջավազքին վրայ, Միքայէլ Շումախըրի հետ: Գերմանացի վարորդը 6 անգամ (մրցանիշ) շահած է այս կրան փրին:
Սուզուքայի մէջ տեղի ունեցած 33 մրցումներուն ախոյեան դարձած են առաջին երկու դիրքերէն սկսող 28 վարորդներ, իսկ փոլ փոզիշընէն (առաջին դիրքէն)` 17 վարորդներ: 2005-ին Մաքլարենի վարորդ Քիմի Ռայքոնըն 17-րդ դիրքէն սկսաւ եւ շահեցաւ այս կրան փրին:
Վերշթափըն, որ ախոյեանութեան առաջին դիրքը կը գրաւէ 42 մրցումներէ ի վեր (մրցանիշ)` մայիս 2022-ին Սպանիոյ կրան փրիէն, Ճափոն կը հասնի միայն 4 կէտի առաւելութիւն ունենալով Ֆեռարիի Շարլ Լըքլերի վրայ եւ 5 կէտի առաւելութիւն մը` իր խմբակից Սերխիօ Փերեսի վրայ (Ռետ Պուլ):
Ֆեռարի այս տարի լուրջ մրցակից կը թուի ըլլալ Ռետ Պուլի համար, եւ վաղուան կրան փրիին կրնանք տեսնել անակնկալներ, մանաւանդ որ անձրեւի ալ հաւանականութիւն կայ:


