Երէկ, շատ հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ռապիթաթ Ուարտանիէն, դարձաւ Լեռնալիբանանի ախոյեան:
Սերժ Օսքեան (2 կոլ), Իպրահիմ Մուսաուի եւ Եուսեֆ Համատէ նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կոլերը:
Արդիւնքը 3-3 արդիւնքով հաւասար կ՛աւարտէր, երբ Ալի Ֆահս աջ կողմէն մտաւ եւ շատ գեղեցիկ փոխանցում մը կատարեց կեդրոն, ուր վրայ հասաւ Դ. դասակարգի կոլսքորըր Եուսեֆ Համատէ, որ գլխու հարուածով գրաւեց Ուարտանիէի բերդը:
Նոյն ժամուն, Տապըլ Քիք կը մրցէր Ռիատի Սեպլինի դէմ, որ 47-րդ վայրկեանին մրցումէն անուղղակիօրէն քաշուեցաւ, երբ մարզիկներուն թիւը 7-էն աւելի պակսեցաւ դաշտին վրայ: Արդիւնքը 7-1 էր ի նպաստ Տապըլ Քիքի, որ գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Ուահտէ Շուֆ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռաուտա Տըքուանէն, որ իր կարգին 27-րդ վայրկեանէն սկսեալ 7 մարզիկներէն պակաս ունէր դաշտին վրայ, բան մը, որ յայտարարեց մրցումի աւարտը:
Ահլի Սարպա նոյն ձեւը որդեգրեց եւ 42-րդ վայրկեանին մրցումը աւարտեց, երբ 6-0 արդիւնքով ետ կը մնար Ռիատի Արամունի դէմ մրցումին:
Հիլալ Նասր 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաֆա Շուիթը, որ 48-րդ վայրկեանին «որոշեց» աւարտել մրցումը:
Ստորեւ` Լեռնալիբանանի վերջնական դասաւորումը.
1.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 24 (34-8)
2.- Տապըլ Քիք 24 (34-4)
3.- Հիլալ Նասր 20 (19-6)
4.- Ռապիթաթ Ուարտանիէ 17 (27-17)
5.- Ռիատի Արամուն 16 (32-19)
6.- Սաֆա Շուիթ 9 (15-22)
7.- Սիպլին Ռիատի 7 (13-31)
8.- Ռաուտա Տըքուանէ 6 (9-27)
9.- Ահլի Սարպա 6 (10-35)
10.- Ուահտէ Շուֆ 3 (4-28)
Նշենք, որ առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, Տապըլ Քիք եւ Հիլալ Նասր հասան աւարտական հանգրուան, որուն յայտագիրը աւելի ուշ կ՛որոշէ ֆետերասիոնը, մինչ 4-րդ դիրքը գրաւող Ռապիթաթ Ուարտանիէ պիտի մրցի Պէյրութի շրջանի 2-րդ դիրքը գրաւող Արզին դէմ, որպէսզի յաղթականը միանայ Լեռնալիբանանի եռեակին` աւարտական հանգրուան:


