Չորեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ «Ուասլ»-ի (Ուեսթ Ասիա Սուփըր լիկ) կիսաւարտականի 2-րդ մրցումը` Սաժեսի եւ Ռիատիի միջեւ, Սաժեսի «Անթուան Շուէյրի» դաշտին վրայ, Ղազիրի մէջ:
Երթին, Ռիատիի դաշտը նկատի առնուած «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին վրայ Ռիատի 95-92 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Սաժեսի դէմ եւ 1-0 արդիւնքով յառաջապահ, բայց չորեքշաբթի օր Սաժես կրցաւ իր ուշացումը (88-95) վերջին վայրկեանին հաւասարեցնել (95-95) եւ ստիպել երկարաձգման երթալու: Սակայն լաւ է յիշել, որ Սաժես պահ մը (3-րդ մասին) 14 կէտի առաւելութիւն ունէր Ռիատիի վրայ (68-54), բայց Լիբանանի ախոյեանը կրցած էր ինքզինք գտնել եւ նոյնիսկ յառաջանալ:
Սակայն պէտք է նշել, որ Ուաէլ Արաքժի, հակառակ շատ լաւ մրցում ունենալուն, հիւանդ վիճակով կը խաղար եւ բաւարար օգնութիւն չստացաւ իր խմբակիցներէն, որոնք Սաժեսի համակիրներու ճնշումէն թերեւս չկրցան լաւ ելոյթ ունենալ:
Երկարաձգումին ընթացքին Սաժես 14-11 արդիւնքով յաղթեց` մրցումը աւարտելով 109-106 արդիւնքով, հաւասարեցնելով մրցումներու շարքը` 1-1-ի:
3-րդ եւ վճռական մրցումը տեղի կ՛ունենայ 17 ապրիլին, «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին վրայ:
Սաժեսի լաւագոյն մարզիկն էր Քլէանթոնի Ըրլի, որ նշանակեց 30 կէտ եւ ձեռք ձգեց 21 ռիպաունտ, մինչ Ճոնաթըն Կիպսըն 24 կէտ աւելցուց` ձեռք ձգելով 5 երեք կէտնոց» կողովներ: Ահմետ Իպրահիմ 25 կէտ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ կանաչներուն, որոնք ձեւով մը «վրէժ լուծեցին» շաբաթ օրուան ծանր պարտութեան, Լիբանանի ախոյեանութեան գծով վերջին մրցումին, Մանարայի մէջ (113-99):
Ռիատիի լաւագոյն մարզիկներն էին` Ուաէլ Արաքժի (28 կէտ, 9 էսիսթ) Ամիր Սէուտ (16 կէտ, 7 ռիպաունտ) եւ Հայկ Կէօքճեան (16 կէտ, 6 ռիպաունտ), Էլմետին Քիքանովիչ (15 կէտ, 16 ռիպաունտ) եւ Սենի Սաքաքինի (15 կէտ, 5 ռիպաունտ) աւելի «լուռ» մրցում մը ունեցան, մինչ Մենի Հերես 12 կէտով գոհացաւ:
Նշենք, որ միւս կիսաւարտականին Իրանի Շահրտարտի կորկան խումբը առաջին մրցումին 102-64 արդիւնքով յաղթած էր Իրաքի Շորթա խումբին: