Պոսթըն Սելթիքս սպասուածին նման կրցաւ 5-րդ մրցումին, Պոսթընի Թի. Տի. Կարտընին վրայ ուրախացնել Մեսեչուսեթցի ժողովուրդը` յաղթանակ մը արձանագրելով Քլիվլենտ Քեւելիրզի դէմ` 113-98 արդիւնքով:
Ճէյսըն Թէյթըմ 25 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պոսթընի, որ յաջորդական 3-րդ տարին ըլլալով հասաւ Արեւելեան շրջանի աւարտականին:
«Լաւ առիթ մը ունէինք հոս աւարտելու այս ճակատումները, եւ բաւական ճիգ թափեցինք հասնելու յաղթանակին», ըսաւ Ալ Հորֆըրտ, որ միացաւ Լըպրոն Ճէյմսին եւ Քարիմ Ապտուլ Ժապպարին` դառնալով միակ մարզիկները, որոնք 37 տարեկանէն վերջ կը նշանակեն 20 կէտ, 15 ռիպաունտ եւ 5 էսիսթ «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի պատմութեան մէջ:
Քլիվլենտէն կը բացակայէին «Օլ Սթար»-ի մարզիկ Տոնավըն Միչել (մկանի ցաւ), Ճերըթ Էլըն (կուրծքի վանդակի ցաւ) եւ Քերիս Լըվերթ (ծունկի ցաւ), բայց խումբը բաւական պայքարեցաւ. Էսըն Մոպլի 33 կէտ եւ 7 ռիպաունտ նշանակեց, իսկ Մարքըս Մորիս` 25 կէտ:
Պոսթընէն Թէյթըմի եւ Հորֆըրտի կողքին փայլեցան նաեւ Տերիք Ուայթ (18 կէտ), Ճրու Հոլիտէյ (13 կէտ) եւ Ճէյլըն Պրաուն (11 կէտ, 7 էսիսթ):
Արեւմտեան շրջանի թիւ 1 դասուած խումբը` Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր Փէյքոմ Սենթըրին մէջ չկրցաւ զսպել Տալաս Մեւրիքսի աստղ Լուքա Տոնչիչը, որ իր թրիփըլ-տապըլով օգնեց իր խումբի յաղթանակին` 104-92 արդիւնքով:
Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 30 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց, բայց իր խմբակիցերէն բաւարար օգնութիւն չստացաւ, եւ Օքլահոմա այժմ դժուարութեան կրնայ մատնուիլ 6-րդ ճակատումին` Տալասի դաշտին վրայ:
Միւս կողմէ, Տոնչիչ 31 կէտ, 11 էսիսթ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Տերիք Ճոնզ (19 կէտ), Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն (10 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), Տերեք Լայվլի (11 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), ինչպէս նաեւ Քայրի Ըրվինկ (12 կէտ) կրցան խմբային խաղով կարեւոր յաղթանակ ապահովել, ինչպէս պատահած էր նախորդ հանգրուանին Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ 5-րդ ճակատումին:
Այժմ, Արեւելեան շրջանին մէջ Պոսթըն Սելթիքս (թիւ 1 դասուած) կը սպասէ Նիւ Եորք Նիքս (թիւ 2) – Ինտիանիա Փէյսըրզ (թիւ 6) մրցումին յաղթականին, Արեւելեան շրջանի տիտղոսի մրցումին: Նիւ Եորք 3-2 արդիւնքով յառաջացած է:
Արեւմտեան շրջանին մէջ, թիւ 2 դասուած Տենվըր Նակեթց 3-2 արդիւնքով կը յառաջանայ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի (թիւ 3) դէմ, եւ յաղթականը պիտի մրցի Տալաս – Օքլահոմա մրցումին յաղթականին դէմ: