Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով (Անթուան Շուէյրի բաժակ) վաղը ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի մրցին Քլիւպ Սանթրալի դէմ, Անդրանիկի դաշտին վրայ, ժամը 17:00-ին:
Քառորդ աւարտականի այս մրցումին պիտի մասնակցին միայն լիբանանցի մարզիկները (մրցաշարքի օրէնք), եւ ՀՄԸՄ-ի տղոց կը մնայ իրենց լաւագոյնը տալ յաղթելու այս մրցումին` հասնելու համար կիսաւարտական, ուր կը սպասէ Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը:
Յաղթանակի պարագային ՀՄԸՄ պիտի մրցի Պէյրութի դէմ, նոյն դաշտին վրայ, երկուշաբթի օր, ժամը 20:00-ին:
Միւս կողմէ, Անթունիէ Շանվիլի դաշտին վրայ կրցած էր 95-50 արդիւնքով պարտութեան մատնել Անտալոսը եւ հասնիլ աւարտական: