Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Մինեսոթայի մէջ տեղւոյն Թիմպըրվուլվզը 115-70 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթցը:
Տենվըր, որ առաջին երկու մրցումներուն պարտուելէ ետք իր դաշտին վրայ կրցած էր յաջորդական երեք մրցումներ յաղթել, երէկ գրեթէ անշարժացած էր եւ չկրցաւ մրցիլ Մինեսոթայի մարզիկներուն հետ, որոնք ամէն ինչով լաւ էին եւ շատ լաւ պաշտպանողական մրցում մը կիրարկեցին:
Անթոնի Էտուըրտծ 27 կէտ նշանակեց` պարտադրելով կիրակի գիշեր կատարուելիք 7-րդ վճռող մրցում մը, որ տեղի պիտի ունենայ Տենվըրի մէջ:
Ճէյտըն Մաքտէնիըլզ 21- կէտ նշանակեց, մինչ Մայք Քոնլի աւելցուց 13 կէտ` դարմանուած վերադառնալէ ետք: Ռուտի Կոպեր, Քարլ-Անթոնի Թաունզ եւ Նեզ Ռիտ միասնաբար 38 ռիպաունտ ձեռք ձգեցին եւ պայքարեցան «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Էմ. Վի. Փի.» Նիքոլա Եոքիչը կարելի եղածին չափ զսպելու: Եոքիչ 22 կէտ կրցաւ նշանակել:
«Տղաքը իրենք իրենց հաւատալու սկսան: Կարծեմ վերջին երեք մրցումներուն բաւական ինքնավստահութիւն կորսնցուցած էինք», ըսաւ Էտուըրտծ:
Ճամալ Մարէյ (Տենվըր) անգամ մը եւս չկրցաւ լաւ ելոյթ ունենալ` նշանակելով 10 կէտ միայն, արմուկի ցաւէ տառապելուն պատճառով: Մինեսոթայի պատհեստները 36-9 արդիւնքով գերազանցեցին Տենվըրին, որ վերջին մասին 24-0 արդիւնքով յաջորդական կէտեր ստացան, տարբերութիւնը 50 կէտի հասցնելով:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի ոչ մէկ ախոյեան յաջորդ տարեշրջանին 36 կէտերու առաւելութեամբ պարտուած էր մինչեւ Տենվըրի մրցումը, ուր Տենվըր ռիպաունտնեպրով ալ ետ մնաց 62-43 արդիւնքով:
Մինեսոթայի կողմէ Մաքտենիըլզի ելոյթը յատկանշական էր, մանաւանդ որ նախկին 5 մրցումներուն 35 կէտ նշանակած էր մնիայն: Ան երէկ կը գտնուէր ամէն տեղ… Պահ մը տանք, պահ մը 3 կէտնոց կողով, ան կատղեցուց 19 հազար համակիրները:
Տենվըր օգտագործեց իր 14 մարզիկներն ալ, մինչ Մինեսոթա 12 մարզիկներ դաշտ ներկայացուց: 3 կէտնոց կողովներու մէջ ալ Մինեսոթա 40 փորձերէն 15-ը կրցաւ նշանակել, մինչ Տենվըր` 36 փորձերէն միայն 7-ն:
Երկուշաբթի առաւօտեան ժամերուն կը յստականայ 7-րդ եւ վերջին ճակատումին արդիւնքը: