Երէկ շարունակուեցաւ Հռոմի թենիսի բաց մրցաշարքը, եւ Ալեխանտրօ Թապիոլոյի երազային ելոյթները վերջ գտան: Կիսաւարտականին առաջին սեթը 6-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւին, կը կարծուէր, թէ չիլիցի թենիսմէնը (աշխարհի թիւ 32) անգամ մը եւս պիտի յաղթէ եւ հասնի աւարտականին, բայց Զվերեւ 1 ժամը 14 վայրկեան պայքարեցաւ, որ շահի 2-րդ սեթը թայպրէյքով` 7-4: 3-րդ սեթին այլեւս մէկ կողմէ Թապիլօ յուսահատ կը թուէր, միւս կողմէ` Զվերեւ ինքնավստահ, եւ 3-րդ եւ 5-րդ կէյմը պրէյք ընելէ ետք կրցաւ 31 վայրկեաններու ընթացքին շահիլ 3-րդ սեթը (6-2) եւ մրցումը:
Այսպիսով, Զվերեւ (թիւ 3 դասուած) աւարտականի հասաւ եւ կը սպասէ այլ չիլիցի Նիքոլա Խարրիի եւ Թոմի Փոլի (Միացեալ Նահանգներ) մրցումին յաղթականին:
Խարրի անակնկալ արդիւնքով մը դուրս ձգած էր յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասը` 3-6, 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով, մինչ Փոլ դուրս ձգած էր լեհ Հուպերթ Հուրքաչը` 7-5, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով:
Աղջկանց աւարտական մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ թիւ 1 թենիսվումըն Իկա Շվիաթեքը եւ թիւ 2 Արինա Սապալենքան:
Սապալենքա 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով դուրս ձգեց Տանիէլ Քոլինզը, մինչ Շվիաթեք դուրս ձգած էր Քոքօ Կաֆը` 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով:
Այս աւարտականը կրնայ ըլլալ յառաջիկայ շաբթուան Ռոլան Կարոսի մրցաշարքի աւարտականի զոյգ մարզիկներուն պատրաստութիւն:
Անցեալ տարի Ռոլան Կարոսի տիտղոսը շահած էր Իկա Շվիաթեք, մինչ Սապալենքա անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր կիսաւարտականին չեխ Քարոլինա Մուչովայէն: