Յաղթանակ մը եւս եւ Անգլիոյ 1970-ականներու լաւագոյն խումբերէն Լիծ Եունայթըտ կը վերադառնայ «Փրեմիեր լիկ»:
Արդարեւ, հինգշաբթի գիշեր 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Նորիչ Սիթին, այս վերջինիս դաշտին վրայ, կը մնայ փլէյ օֆի աւարտական մրցումը, 26 մայիսին, Ուեմպլիի մէջ:
Լիծ, որ կը պատկանի Սան Ֆրանսիսքոյի 49-ըրզ խմբակին անցեալ տարեշրջանի աւարտին նախավերջին դիրքը գրաւելով ինկած էր Բ. դասակարգ:
Լիծ այս տարեշրջանին 3-րդ դիրքը գրաւեց (Բ. դասակարգի) Լայսթըրի եւ Իփսուիչի ետին, որոնք ուղղակի բարձրացան «Փրեմիեր լիկ»:
Լիծ աւարտականին պիտի մրցի Ուեսթ Պրոմուիչ – Սաութհեմփթըն մրցումին յաղթականին դէմ:
Իլիա Կրուեւ, Ժոել Փիրօ եւ Ճորճինիօ Ռութըր նշանակեցին առաջին կիսախաղին, մինչ Քրիսենսիօ Սամըրվիլ 68-րդ վայրկեանին 4-րդ կոլը ի նպաստ մարզիչ Տանիէլ Ֆարքէի տղոց: Ֆարքէ 2019-ին եւ 2021-ին Նորիչը բարձրացուցած էր «Փրեմիեր լիկ»: 47 տարեկան գերմանացի մարզիչը մարզած է նաեւ Ռուսիոյ Կրասնոտար եւ Գերմանիոյ Մէօնշընկլատպախ խումբերը: