Lebanese-basketball-federation_logo23Վաղը, Քֆարշիմայի Ատապ Ուալ Ռիատա ակումբի դաշտին վրայ կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը:
Ժամը 12:00-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր առաջին մրցումը պիտի ունենայ Շապապ Ապատիէ խումբին դէմ:
Յոյսով, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը լաւ ձեւով կը սկսին ախոյեանութիւնը եւ կը հասնին Գ. դասակարգ եղանակի աւարտին:
Այսօրուան մրցումները տեղի պիտի ունենան 3 տարբեր դաշտերու վրայ, ուր 18 խումբերն ալ պիտի մրցին:
Ատապ Ուալ Ռիատա դաշտին վրայ պիտի մրցին նաեւ Սփորթինկ Պքաննայաա եւ Տոթ Սփոթ (ժամը 10:00-ին) եւ Սաքաֆի տեր Ահմար ու Ֆիտաա Սայտա (ժամը 14:00-ին):
3 այլ մրցումներ տեղի պիտի ունենան Քռնեթ Շեհուանի Սեն Ժոզեֆ դպրոցը, մինչ Ռապիէի Աւետարանական վարժարանը նաեւ կը հիւրընկալէ 3 մրցումներ:
Վաղը կը սկսին նաեւ աղջկանց Բ. դասակարգի մրցումները, որոնց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջիկները կը մասնակցին:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջիկները իրենց առաջին մրցումը պիտի կատարեն հինգշաբթի գիշեր ժամը 21:00-ին, Սփորթինկ Պքաննայի խումբին դէմ: Ա. խմբակին մէջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջիկները իրենց խմբակից ունին նաեւ Մութթահետը եւ Աուֆիաա Ռիատին:


