Երէկ յետմիջօրէին Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը յայտարարեց, թէ պիտի չմասնակցի 3-րդ դիրքի մրցումին` ՀՄԸՄ-ի դէմ, սեփական պատճառներով:
Համակիրները, որոնք անհամբեր կը սպասէին վերջին անգամ դիտելու ՀՄԸՄ-ի տղաքը օտարներուն հետ միասին, յուսախաբ մնացին, երբ ՀՄԸՄ 20-0 արդիւնքով յաղթական հռչակուեցաւ առանց դաշտ ներկայանալու:
Եթէ պատահի, որ Ռիատի եւ Սաժես լաւ արդիւնք արձանագրեն Ուասլի մրցաշարքի Ֆայնըլ 8-ին, եւ օրինակ Ռիատի շահի մրցաշարքը, հաւանական է, որ Լիբանանէն 3-րդ խումբ մը` այս պարագային ՀՄԸՄ, յառաջիկայ տարի մասնակցի Ուասլի մրցաշարքին:


