Երէկ Իտալիոյ մէջ շարունակուեցաւ հողով ծածկուած դաշտերու գծով Հռոմի բաց թենիսի մրցաշարքը:
Թիւ 3 դասուած Ալեքսանտր Զվերեւ 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով դուրս ձգեց ամերիկացի Թէյլըր Ֆրիցը (թիւ 11) եւ հասաւ կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի մրցաշարքի անակնկալ Ալեխանտրօ Թապիլոյի դէմ: Նշենք, որ Թապիլօ դուրս ձգած էր թիւ 1 Նովաք Ճոքովիչը եւ Կարէն Խաչանովը:
Միւս կողմէ, Թոմի Փոլ (Միացեալ Նահանգներ) 2 ժամ 43 վայրկեան պայքարէ ետք կրցաւ դուրս ձգել Հուպերթ Հուրքաչը 7-5, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով:
Թիւ 14 դասուած Փոլ իր կարգին անակնկալ արդիւնքով մը դուրս ձգած էր Տանիլ Մետվետեւը (6-1,6-4) եւ այժմ կը սպասէ Սթեֆանոս Ցիցիփաս (թիւ 6) – Նիքոլաս Խարրի (թիւ 21) մրցումին յաղթականին:
Աղջկանց կիսաւարտականի առաջին մրցումը երէկ իրար դէմ հանեց թիւ 1 թենիսվումըն Իկա Շվիաթեքն ու թիւ 3 Քոքօ Կաֆը:
1 ժամ 46 վայրկեանը բաւարար էր, որ թիւ 1 լեհ Շվիաթեք 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթէ ամերիկացի մրցակիցին եւ հասնի աւարտականին:
Աւարտականին ան պիտի մրցի Արինա Սապենքա (թիւ 2) – Տանիէլ Քոլինզ (թիւ 13) մրցումին յաղթականին դէմ:
Քոլինզ անակնկալով մը դուրս ձգած էր Վիքթորիա Ազարենքան` 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով: