Իտալիոյ հսկաներէն Եուվենթուս, որ 2020-2021 տարեշրջանէն ի վեր որեւէ տիտղոս չէր շահած, չորեքշաբթի գիշեր շահեցաւ Իտալիոյ բաժակը 15-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ)` պարտութեան մատնելէ ետք Աթալանթան 1-0 արդիւնքով: Տուշան Վլահովիչի կոլը բաւարար եղաւ մրցումը վճռելու:
2020-2021 տարեշրջանին ալ բաժակի աւարտական մրցումի մրցակիցը եղած էր Աթալանթան:
Եուվէի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի դարձաւ առաջին մարզիչը, որ 5-րդ անգամ ըլլալով կը շահի Իտալիոյ բաժակը` բարելաւելով Ռոպերթօ Մանչինիի եւ Սվեն-Կորան Էրիքսընի մրցանիշները (4 անգամ):
«Շատ ուրախ եմ տղոց համար, ակումբի համակիրներուն ուրախութիւն պարգեւեցին… Ինծի ալ անշուշտ: Յաղթելը բնաւ դիւրին չէ, բայց մեր արիւնին մէջ է: Եթէ Եուվէի մարզիչը չըլլամ յառաջիկայ տարեշրջանին, կ՛ուզեմ լաւ խումբ յանձնել յաջորդ մարզիչին: Ակումբը կը կատարէ իր արժեւորումները», ըսաւ Ալլեկրի: Վլահովիչ, որ 2022-ի աւարտականին ալ Ինթեր Միլանի դէմ պարտուած մրցումին (4-2) կոլ նշանակած էր, դարձաւ Եուվէի երրորդ մարզիկը, որ տարբեր աւարտականներու կոլ կրցած է նշանակել. Ճոն Չարլզ (1958-1959 եւ 1959-1960) եւ Սաւինօ Պելլինի (1937-1938 եւ 1941-1942) կոլեր նշանակած են աւարտականի տարբեր մրցումներու:
Սերպ յառաջապահը 2-րդ կոլ մըն ալ նշանակեց 72-րդ վայրկեանին, բայց ՎԱՐ-ի միջոցով կոլը չեղեալ նկատուեցաւ օֆ-սայտի պատճառով:
Եուվէ անմիջապէս պաշտպանելու անցաւ եւ հակայարձակումներու դիմեց, մինչ Աթալանթա 1 հարուած չկրցաւ իր նպատակին հասցնել: 80-րդ վայրկեանին Լուքմանի շնորհիւ Աթալանթա գնդակը դպցուց Եուվէի բերդի սիւնին, սակայն 90 վայրկեաններու վրայ ոչ մէկ այլ առիթ ստեղծուեցաւ, հակառակ անոր որ Աթալանթա տիրապետեց մրցումին: Չորեքշաբթի օր, Աթալանթա «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտական մրցումին պիտի մրցի Գերմանիոյ Պայէր Լեւերքուզընին դէմ, որ 50 մրցումներէ ի վեր անյաղթ կը մնայ Եւրոպայի մէջ:
Նշենք, որ Աթալանթա, որ 1962-1963 տարեշրջանին շահած է Իտալիոյ բաժակը, 5-րդ անգամ ըլլալով կը հասնէր աւարտականին եւ կը պարտուէր: