Այսօր, ժամը 19:00-ին Անթիլիասի «Տեմիրճեան» կեդրոնի պասքեթպոլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ ախոյեանութեան 3-րդ դիրքը վճռելու մրցումին պիտի մրցի Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ:
Այս տարեշրջանին խումբերը իրար դէմ մրցած էին երկու անգամ, ուր ՀՄԸՄ երթին Մըզհերի մէջ 80 հաւասար աւարտելէ ետք մրցումը, երկարաձգումին պարտութիւն մը կրած էր Պէյրութէն, սակայն դարձի մրցումին, Շիահի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ նոյնիսկ առանց կախակայուած Զեք Լոֆթընի կրցած էր Բ. կիսախաղին փոխել իր խաղաձեւը եւ 7 կէտով ետ մնալը յեղաշրջել 3 կէտով յաղթանակի:
Յոյսով, որ այսօր ալ ՀՄԸՄ-ի տղաքը կարենան լաւ ելոյթ մը ունենալ, ինչպէս պատահեցաւ շաբաթ օր, երբ Ռիատիի դէմ 3-րդ մրցումին մինչեւ վերջին վայրկեան երկու խումբերը 2 կէտի տարբերութիւն ունէին:
Նշենք, որ Ռիատի – Սաժես ճակատումը սկսաւ երեքշաբթի գիշեր, երբ Ռիատի իր դաշտին վրայ «անշարժացուց» Սաժեսը, որ ամբողջ մրցումին միայն 4 էսիսթ կատարեց: «Անհատական» Սաժես ծանր պարտութիւն մը կրեց «խմբային» Ռիատիէն` 104-58 արդիւնքով: Ռիատիէն մասնակցեցան անոր 12 մարզիկներն ալ, որոնց 10-ն կէտեր նշանակեցին, մինչ 6 մարզիկներ` 10-էն աւելի կէտեր:
Սաժեսէն 3 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին, մինչ խումբին եւ ախոյեանութեան լաւագոյն 3 կէտ նշանակող մարզիկներէն Ճոնաթըն Կիպսըն միայն 3 կէտ կրցաւ նշանակել 22 վայրկեաններու ընթացքին, եւ 4 փորձերէն ոչ մէկ 3 կէտնոց կողով կրցաւ նշանակել: