Նորվեկեացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ 2 կոլ նշանակեց եւ Մանչեսթըր Սիթի պարտութեան մատնեց Թոթենհամը երեքշաբթի գիշեր, այս վերջինիս դաշտին վրայ, գրաւելով պարագլուխի դիրքը, 2 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Արսենալի վրայ:
Վերջին 3 տարիներու ախոյեան Սիթի «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցանիշ կրնայ իրագործել, եթէ կիրակի օր յաղթէ իր վերջին մրցումին` Ուեսթ Համի դէմ, մինչ Արսենալ իր վերջին մրցումին պիտի հիւրընկալէ Էվըրթընը:
«Թենիսմենները կ՛ըսեն` վերջին սերվիսը շահելու Ուիմպըլտընի մրցաշարքը, վերջին մրցումը, ամէնէն դժուարը կրնայ ըլլալ», ըսաւ մարզիչ Կուարտիոլա: Շատ լաւ գիտենք ինչ բանի համար կը խաղանք: Պրկում կայ, մրցակիցը շատ լաւ է, ճիշդ այդ պատճառով դժուար է, եւ գիտենք այդ մէկը»:
Հաալանտ 51-րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կոլը` փոխանցում մը ստանալէ ետք Քեւըն Տը Պրունյէէն: Երկրորդ կոլը փենալթիով էր, երբ Փետրօ Փորրօ 90-րդ վայրկեանին գետին բերաւ Ժերեմի Տոքուն:
Այս յաղթանակը կը նշանակէ, թէ Սիթիի ճակատագիրը իր ձեռքն է, հակառակ անոր որ Արսենալ մինչեւ վերջին վայրկեան պայքարեցաւ:
Կուարտիոլա այժմ շատ մօտ է ձեռք ձգելու «Փրեմիեր լիկ»-ի 6-րդ տիտղոսը վերջին 7 տարիներուն:
Ոչ մէկ ակումբ յաջողած է 4 յաջորդական տիտղոս շահիլ «Փրեմիեր լիկ»-ի պարագային, մինչ Սիթի կը փորձէ բաժակի մրցաշարքն ալ շահելով յաջորդական տուպլէ մըն ալ իրագործել:
Մրցումէն առաջ, Կուարտիոլա զգուշացուցած էր իր մարզիկները, որ եթէ չյաղթեն ախոյեանութիւնը` իրենց գիտակցութիւնը պիտի կորսնցնեն Անգլիոյ մէջ: Ասիկա աւելի ճնշում բանեցուց մարզիկներուն վրայ, որոնք վերջին 4 մրցումներուն միշտ ալ պարտուած էին Թոթենհամի դաշտին վրայ:
«Տղաքը կը խաղային մրցումի արդիւնքին հետեւանքին համար: Երբ այդպէս ընես, կը կորսնցնես «Փրեմիեր լիկ»-ը: Մարդ ես, կը հասկնամ ճնշումը», աւելցուց Կուարտիոլա:
Հաալանտի կոլը թեթեւցուց ճնշումը: Բայց ճիշդ է, որ իր կոլերը վճռական էին, սակայն Սիթի պէտք է վստահէր պահեստի բերդապահ Շթեֆան Օրթեկային` բերդը անառիկ պահելու Թոթենհամի յարձակումներուն դիմաց:
69-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած Օրթեկա, որ փոխարինեց վիրաւոր բերդապահ Էտերսոնը (գլուխէն վիրաւորուեցաւ Ռոմերոյի հետ բախելէ ետք), անմիջապէս մտաւ մրցումի մթնոլորտին մէջ` զսպելով Տեյան Քուլուսեւսքիի հարուածը:
Աւելի ուշ ան անգամ մը եւս զսպեց Թոթենհամի յառաջապահին հարուածը, սակայն մրցումի ամէնէն կարեւոր վայրկեանը 86-րդն էր, երբ քորէացի Սոն Հեոնկ-Մին առանձին մնաց Օրթեկայի հետ, որ սակայն ոտքով զսպեց Սոնի հարուածը, մինչ Կուարտիոլա ձեռքերը գլխուն կռնակին վրայ գետին պառկեցաւ… 90-րդ վայրկեանը կ՛աւարտէր, երբ Տոքու մեծ քառակուսի մտած գետին ինկաւ, եւ Հաալանտ նշանակեց մրցումի 2-րդ եւ տարեշրջանի իր 38-րդ կոլը:
Սիթիի յաղթանակով Ասթոն Վիլա ապահովեց 4-րդ դիրքը եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աթոռ մը, մինչ Թոթենհամ մնաց 5-րդ դիրքին վրայ:
Սպանիոյ մէջ, Ռէալ Մատրիտի իր համակիրներուն ներկայացուց իր 36-րդ ախոյեանութեան բաժակը Սանթիակօ Պեռնապէօ դաշտին վրայ, Ալաւեսի դէմ մրցումէն առաջ, ապա տօնեց մրցումի աւարտին, երբ 5-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց: Կիրակի օր համակիրները տօնած էին Մատրիտի ճամբաները, սակայն չէին կրցած տօնել դաշտին մէջ, ուր տեղի պիտի ունենար երգահանդէս մը:
Վինիսիուս Ճունիոր երկու կոլ նշանակեց, մինչ Ճուտ Պելինկհամ, Ֆետերիքօ Վալվերտէ եւ Արտա Կիւլեր նշանակեցին մնացեալ 3 կոլերը:
Ռէալի 9-րդ յաջորդական յաղթանակն էր «Լա լիկա»-ի գծով, եւ վերջին 7 մրցումներու 6-րդը` բոլոր մրցաշարքերուն: Ան հասաւ 93 կէտի 36 մրցումներու ընթացքին, 17 կէտի առաւելութեամբ Բ. դիրքը գրաւող Պարսելոնայի վրայ:
Ժերոնա ձախողեցաւ վերագրաւել Բ. դիրքը` իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք Վիարէալէն: Պարսելոնա 1 կէտով կը գերազանցէ Ժերոնան, որ 5 կէտով կը գերազանցէ Աթլեթիքօ Մատրիտը:


