Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի «Սերի Ա.»-ի ամէնէն շատ տիտղոս շահած (36 անգամ Իտալիոյ ախոյեան) Եուվենթուս այս ամառ մեծ փոփոխութիւններ կրելէ ետք նոր ծրագիրի մշակման շրջանի մէջ է:
Խումբը ունի նոր գլխաւոր մարզիչ` Թիակօ Մոթթան, որ կը պատրաստուի ամբողջովին նոր խաղաոճ որդեգրելու Եուվէի հետ:
Տուկլաս Լուիս (Պրազիլ) Ասթոն Վիլայէն միացաւ 51,5 միլիոն եւրոյի դիմաց, Խեֆրեն Թիւրամ (Ֆրանսա) Նիսէն միացաւ 20,5 միլիոն եւրոյի դիմաց, Խուան Քապալ (Քոլոմպիա) Վերոնայէն միացաւ 12,8 միլիոն եւրոյի դիմաց, իսկ բերդապահ Միքելէ տէ Կրիկորիօ (իտալացի) միացաւ Մոնցայէն Վարձավճարով:
Այս փոխանցումներով չէ բաւականացած Մոթթան եւ կ՛ուզէ յառաջապահ գիծի վրայ փոփոխութիւններ կատարել` ձեռք ձգելով ծայրի յարձակող մարզիկներ:
Միջնապահ դիրքի վրայ, Մոթթա կ՛ուզէ ձեռք ձգել Թէոն Քուփմէյնըրսը (Աթալանթայէն), մինչ կեդրոնի պաշտպանի դիրքի վրայ ան կը ցանկայ ձեռք ձգել Նիսի Թոտիպոն: Արդէն Արեյեմիի համար Տորթմունտի հետ լուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ կան բազմաթիւ մարզիկներ, որոնք մարզիչին ծրագիրին մէջ չկան:
«Քիեզան եւ միւս ֆութպոլիստները, զորս չենք ընդգրկած յառաջիկայ տարեշրջանի յայտացուցակին մէջ, մեր նախագիծին մաս չեն կազմեր: Մենք անոնք յայտնած ենք, որ պէտք է նոր ակումբ գտնեն», յայտնած է Եոթթա:
Բերդապահ Վոյցեխ Չեզնի, Տանիելէ Ռուկանի, Արթիւր Մելօ, Ուեսթըն Մաքքենի, Ֆետերիքօ Քիեզա, Ֆիլիփ Քոսթիչ, Մաթիա Տէ Շիլիօ եւ Արկատիուշ Միլիք այդ ցանկին մաս կը կազմեն: