Ամերիկացի մարմնամարզիկ Սիմոն Պայլզ 3 տարի առաջ քաշուած էր Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերէն` հոգեկան առողջական պատճառներով, եւ շատեր կը կարծէին, թէ ան պիտի չվերադառնայ:
Հինգշաբթի օր ան Փարիզի Ողիմպիական խաղերու իր 2-րդ ոսկի մետալը շահեցաւ` իր ոսկի մետալներու թիւը հասցնելով 6-ի, դառնալով պատմութեան ամէնէն շատ ոսկի մետալ շահող մարմնամարզիկը` Ողիմպիական խաղերու գծով:
Պայլզ 2016-ի Ռիօ տը Ժանէյրոյի Ողիմպիական խաղերուն 4 ոսկի մետալներ շահած էր:
2020-ին Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերուն ան արծաթ մետալ շահած էր խմբային մրցումներուն, իսկ պրոնզ` հաւասարակշռութեան ձողին վրայ (քաշուելէ առաջ): Ան 23 ոսկի մետալներ ալ ունի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն` 2013-էն 2023:
«Երեք տարի առաջ կը կարծէի, թէ այլեւս ոտք չեմ կոխեր մարմնամարզի գորգին վրայ, այդ ամբողջ պատահածէն ետք: Բայց Սեսիլի եւ Լորանի (մարզիչներ) օգնութեամբ կրցայ վերադառնալ, եւ լաւ աշխատեցայ ֆիզիքական ու հոգեկան գետնի վրայ հոս հասնելու համար: Ես հպարտ կը զգամ Սիմոնէն պայքարելու եւ չյանձնուելու», ըսաւ Սիմոն Պայլզ:
Ան բուռն պայքար տարաւ ոսկի մետալը շահելու, որովհետեւ պրազիլցի Ռեպեքա Անտրատէ բարձր մակարդակ ցուցաբերեց` շահելով արծաթ մետալը: «Չեմ ուզեր Ռեպեքային դէմ պայքարիլ այլեւս, յոգնեցայ: Չեմ հանդիպած աթլեթի մը, որ այսքան մօտ էր ինծի եւ ստիպուեցաւ առաւելագոյնէս աւելի տալ, շահելու ոսկի մետալը: Ան իմ մակարդակս բարձրացուց»:
Մինչ Պայլզ դարձաւ ամէնէն շատ մետալ շահող մարմնամարզիկը, ան տակաւին ինքզինք կը տեսնէ այդ լուրջ պարզ աղջնակը:
«Ի վերջոյ զարմանալի կը զգամ, երբ պատմութեան լաւագոյններէն կը նկատուիմ, մինչ ես տակաւին ինքզինքս կը նկատեմ այդ Սիմոն Պայլզը, Սփրինկ Թեքսասէն, որ կը սիրէր ցատկել եւ ինքն իր վրայ դառնալ», աւելցուց Պայլզ:


