Եգիպտոսի մէջ «Փարաւոնի բաժակ 2024» գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցաշարքը տեղի ունեցաւ 28-30 յուլիս, բոլոր տարիքներու դասակարգերով:
Միջազգային մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած այս առաջին կարգի միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 երկիրներ, որոնց կարգին, Լիբանան, Հայաստան, Աւստրալիա, Պրազիլ, Պուլկարիա, Կիպրոս, Վրաստան, Հնդկաստան, Մեքսիքօ, Փորթուգալ, Քաթար, Ռումանիա, Սլովենիա, Հարաւային Քորէա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Ուզպեքիստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Եգիպտոս:
Լիբանանի միակ ներկայացուցիչն էր Սերաֆինա Սերոբեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ մրցելով 2024-ի Ողիմպիական խաղերու զտումներուն մասնակցող մրցակիցներու կողքին: Ան մասնակցեցաւ օղակի, գնդակի եւ «քլապ»-ի (2 ցպիկներով) շարժումներուն եւ գրաւեց 8-րդ պատուաբեր դիրքը` բարձր մակարդակի մրցակիցներու կողքին, 2011-ի ծնունդ մասնակցողներու կողքին:
2014-ի ծնունդի արծաթ մետալ շահեցաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Թամարա Խաչատրեան, գնդակի շարժումին:
Նշենք, որ Սերաֆինա Սերոբեան Լիբանանի ախոյեանն է եւ ոսկի մետալակիր թէ՛ Լիբանանի դպրոցականներու ախոյեան դառնալով, թէ՛ ալ Լիբանանի ֆետերասիոնի ախոյեանութեան գեղարուեստական մարմնամարզութեան ախոյեանը ըլլալով:
Կը շնորհաւորենք Սերաֆինան եւ անոր ծնողքը` միշտ մաղթելով մետալներով հարուստ ապագայ մը: