Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քոնֆերենս Լիկ». Նոան Շատ Կարեւոր Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ա. Է. Ք.-ի Վրայ

August 8, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի գիշեր, «Եու. Է. Էֆ.Ա.»-ի «Քոնֆերենս Լիկ»-ի զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներուն գծով, Հայաստանի Նոան 3-1 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Յունաստանի Ա. Է. Ք. Աթէնքին վրայ:

Աբովեանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, 22-րդ վայրկեանին յունական կազմը բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Թրինիտատի յառաջապահ Լեւփ Կարսիայի: Հազիւ 12 վայրկեան անցած, Նոա, որ սկսած էր ճնշելու, կրցաւ հաւասարութեան կոլը նշանակել` շնորհիւ ֆրանսացի Վիրժիլ Փինսոնի: Մինչեւ կիսախաղ Նոա շարունակեց վտանգել յունական բերդը, սակայն Աթէնքի խումբի բերդապահը, որ Ալպանիոյ ազգային խումբի բերդապահն էր Եուրօ 2024-ին, մնաց անդրդուելի: Սակայն Սթրաքոշա ամօթի մատնուեցաւ, երբ Հայաստանի ազգային խումբի բերդապահ Օկնյեն Չանչարեւիչ 67-րդ վայրկեանին փենալթիի կէտին մօտէն երկար հարուած մը տուաւ, որ յունական կողմին քառակուսիին անկիւնը ցատկելէ ետք խմբեց քիչ մը յառաջացած ալպանացին, որուն գլխուն վրայէն ստացաւ անմոռանալի կոլ մը:

Այս կոլէն ետք, երկու կողմէն յարձակումներ կատարուեցան, բայց մանաւանդ Նոա աւելի ճնշեց Ա. Է. Ք.-ի բերդին վրայ:

90-րդ վայրկեանին, չորրորդ իրաւարարը տուաւ 7 յաւելեալ վայրկեաններ, որոնց ընթացքին երկու խումբերն ալ շարունակեցին յարձակիլ:

97-րդ վայրկեանին, օրուան հերոսը` Չանչարեւիչ երկար հարուածէ մը ետք գնդակը հասցուց յունական մեծ քառակուսի, ուր փորթուգալցի Կոնսալօ Կրեկորիօ երկու անգամ կրցաւ նշանակել Նոայի ի նպաստ շատ կարեւոր կոլ մը` վերջնական յաղթանակը նուիրելով հայկական ակումբին: Բ. կիսախաղի սկիզբը դաշտ ներկայացած Կրեկորիօ Սլիմա Ուոնտըրտզի դէմ հեթ-թրիք իրագործած էր` 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ մրցումին, նոյն այս Աբովեանի դաշտին վրայ:

Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 15 օգոստոսին Աթէնքի մէջ:

Այսօր, ժամը 18:00-ին, Ալմաթիի մէջ (նախապէս` Ալմա Աթա) Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ մրցում մը պիտի ունենայ Ղազախստանի Օրտապաշի խումբին դէմ:

Երթի այս մրցումին, Փիւնիկ պիտի փորձէ դրական արդիւնքով վերադառնալ Հայաստան, մինչեւ դարձի մրցում:

Բ. հանգրուանին, Փիւնիկ դուրս ձգած էր հիւսիսային Մակեդոնիոյ Շթրուկան (1-2 եւ 3-1), մինչ Օրտապաշի դուրս ձգած էր Լիւքսամպուրկի Տիֆերտանժ խումբը (փենալթիներով):

Արարատ Արմենիան նոյն ժամուն, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Հունգարիոյ Փուշքաշ ակադեմիա խումբը:

Արարատ Արմենիա դուրս ձգած էր Մոլտովայի Ժիմպրու Քիշինեւը (3-1 եւ 3-0), մինչ Փուշքաշ ակադեմիա դարու ձգած էր Դնեպր (Ուքրանիա) խումբը, որ պարտուած հռչակուեցաւ` բացակայելէ ետք երկու մրցումներէն:

 

Նախորդը

Եոնաթան Թահ Կրնայ Միանալ Պայէրնին, Եթէ…

Յաջորդը

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. Սերաֆինա Սերոբեան 8-րդ Դիրքը Գրաւեց

RelatedPosts

Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Լաւ Խաղցաւ, Բայց Չկրցաւ Յաղթել Կիպրոսին
Մարզական

Ազգերու Լիկա. Հայաստան Լաւ Խաղցաւ, Բայց Չկրցաւ Յաղթել Կիպրոսին

November 14, 2026
Պասքեթպոլ.  Արթուր Նազարեանի Տեսլականը` Մինչեւ 2040
Մարզական

Պասքեթպոլ. Արթուր Նազարեանի Տեսլականը` Մինչեւ 2040

November 14, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Ծանրաբարձութեան Հաւաքականը Կը Պատրաստուի
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ծանրաբարձութեան Հաւաքականը Կը Պատրաստուի

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.