Հինգշաբթի գիշեր տեղի ունեցան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ի Բ. հանգրուանի զտումի մրցումներու դարձի ելոյթները, որոնց աւարտին երեք հայկական ակումբներ հասան Գ. հանգրուան:
Արարատ Արմենիա Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մոլտովայի Զիմպրու Քիշինեւը եւ 3-1 արդիւնքով յաղթեց:
Նիկերիացի յառաջապահ Թենթոն Եննէ, Արթուր Սերոբեան եւ քոլոմպիացի Ճոնաթըն Տուարթէ նշանակեցին Արարատի 3 կոլերը: Երթին մրցակիցի դաշտին վրայ ալ 3-0 արդիւնքով յաղթական Արարատ հասաւ Գ. հանգրուան:
Նոա, որ Հայաստանի մէջ 7-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Մալթայի Սլիմա Ուոնտըրըրզ խումբը, մրցակիցի դաշտին վրայ չկրցաւ կոլ նշանակել, հակառակ անոր որ մեծ թիւով առիթներ ունեցաւ, եւ ճերմակ հաւասարութիւն արձանագրելով հասաւ Գ. հանգրուան:
Փիւնիկ արդէն իսկ երեքշաբթի օր կատարած էր իր մրցումը եւ հասած յաջորդ հանգրուան:
Ուրարտու, որ Չեխիոյ մէջ 5-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Պանիք Օսթրաւայի դէմ մրցումին (երթին), իր դաշտին վրայ բաւական լաւ մրցում մը ունեցաւ, սակայն 22-րդ վայրկեանին կոլ մը ստանալէն ետք յոյսերը գրեթէ կորսնցուց, հակառակ շարունակելուն լաւ մրցումը: Բ. կիսախաղին, մրցակից Օսթրաւայի խումբը, որ շատ աւելի փորձառու խումբ մըն էր, կոլ մը եւս նշանակեց, եւ մրցումը վերջ գտաւ 2-0 արդիւնքով` ի նպաստ Պանիքի:


