Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Հանզի Ֆլիք հաւանութիւն չէ տուած Սէուտական Արաբիոյ Իթթիհատ ակումբի միջնապահ Էնկոլօ Քանթէի Պարսելոնա տեղափոխութեան:
Ֆլիք կ՛ուզէ յոյս կապել խումբին երիտասարդ մարզիկներուն հետ եւ մերժած է մարզական տնօրէն Տեքոյի առաջարկը ձեռք ձգելու Քանթէն:
Իթթիհատի հետ Քանթէ (33 տարեկան) 44 մրցում կատարած էր` նշանակելով 4 կոլ եւ կատարելով 6 էսիսթ: Ան Ֆրանսայի ազգային խումբին հետ ալ մասնակցած էր Եուրօ 2024-ին:
Նշենք, որ այս ամառ Քաթալոնիոյ Պարսելոնա ակումբը Սպանիոյ ախոյեանութեան միակ ակումբն է, որ հաւանաբար ոչ մէկ մարզիկ ձեռք ձգէ:
Նախապէս Աթլեթիքօ Մատրիտն ալ մինչեւ Ալեքսանտր Սորլոյի եւ Ռոպին Լը Նորմանտի փոխանցումները չկատարած ձեռք բերած չէր որեւէ մարզիկ:
Վերջերս շատ կը խօսուի Պայերն Միւնիխի ծայրի յառաջապահ սպանացի Պրայըն Սարակոսայի մասին (22 տարեկան), որ հաւանաբար տեղափոխուի Պարսելոնա, բայց տակաւին լուրջ խորհրդակցութիւններ չկան: