Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր. Արթուր Դաւիթեան` Արծաթէ Մետալակիր. Ճոքովիչ` Ոսկի Մետալակիր

August 6, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջին եւ երէկ շարունակուեցան Փարիզի 33-րդ Ողիմպիական խաղերը:

Հայաստանի Ողիմպիականի հաւաքականի անդամ, մարմնամարզիկ Արթուր Դաւիթեան դարձաւ Փարիզի 2024-ի արծաթէ մետալակիր:

Փարիզի «Պերսի Արենա»-ին մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզի մրցումներուն, յենացատկի մետալներու համար մրցեցան մարզիկները, ուր Արթուր Դաւիթեան 14.966 կէտ հաւաքելով նուաճեց արծաթէ մետալը:

Առաջին դիրքը գրաւեց Քարլսոն Եուլօ (Ֆիլիփեան կղզիներ)` 15.116 կէտով շահելով ոսկի մետալ, մինչ Հարի Հեփուըրթ (Բրիտանիա) ձեռք ձգեց 14.949 կէտ եւ շահեցաւ պրոնզ մետալ:

31 տարեկան Դաւիթեան Թոքիոյի Ողիմպիականին պրոնզ մետալ շահած էր, իսկ ներկայիս ան աշխարհի ախոյեան է եւ 2 անգամ Եւրոպայի ախոյեանութիւն շահած է:

Օղակներու մրցումներուն, հայ մարմնամարզիկ Վահագն Դաւիթեան, որ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր Ողիմպիականի մրցումներուն, գրաւեց 6-րդ դիրքը, բաւական լաւ ելոյթ ունենալէ ետք:

35 տարեկան Դաւիթեան աւարտականի հասած էր եւ ձեռք ձգած 14.866 կէտ: Ոսկի մետալ շահեցաւ Լիու Եան` օղակներու մրցումներուն 15.300 կէտ հաւաքելէ ետք:

Նախապէս, Հայաստանի հաւաքականի անդամներ հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեան, լուղորդներ Վարսենիկ Մանուչարեան եւ Արթուր Բարսեղեան ձախողած էին հասնելու աւարտական մրցումերուն:

Մէկ յաղթանակէ ետք քառորդ աւարտականին հասած էր բռնցքամարտիկ Դաւիթ Չալոյեան:

Պարագան նոյնն էր դանիացի հայ բռնցքամարտիկ Նիքոլայ Տէրտէրեանին, որ քառորդ աւարտականին պարտութիւն կրեց ուզպէք Ասատխուժա Մույտինխուճայեւէն:

23 տարեկան Տէրտէրեանի հայրը` Տիգրան, իր կարգին բռնցքամարտիկ էր եւ 1996-ին մասնակցած էր Դանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան, ապա մնացած եւ հաստատուած էր հոն: Նիքոլայի երկուորեակ եղբայրը` Սեպասթիան, իր կարգին բռցքամարտիկ է Դանիոյ ազգային խումբին հետ:

Թենիսի մրցումներուն, տղոց պատմութեան լաւագոյն թենիսմենը` սերպ Նովաք Ճոքովիչ, մեծ դժուարութեամբ կրցաւ յաղթել սպանացի Քարլոս Ալքարասին, երկու թայ-պրէյքներէ ետք:

Ոչ մէկ թենիսմեն կրցաւ մրցակիցի սերվը կտրել ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումին, որ տեւեց 2 ժամ 52 վայրկեան:

Առաջին սեթին 5-րդ կէտին համար Ճոքովիչ 3 պրէյք փոյնթի գնդակներ կրցաւ զսպել, մինչ 9-րդ կէտին համար պայքարը աւելի սուր էր, եւ սերպ մարզիկը 5 պրէյք փոյնթ կրցաւ զսպել:

Թայ-պրէյքը համեմատաբար աւելի դիւրին էր, ուր Նովաք Ճոքովիչ 7-3 արդիւնքով կրցաւ վճռել:

Երկրորդ սեթը համեմատաբար աւելի արագ էր, միայն 1 անգամ պրէյք փոյնթի համար պայքարեցաւ Ալքարաս, որ 3-րդ կէտին համար քիչ մը աւելի պայքեցաւ:

Թայ-պրէյքին սերպ Ճոքովիչ կրցաւ պարտադրել իր խաղը եւ 7-2 արդիւնքով յաղթել:

«Վճռական կէտերու ժամանակ, դժուար կէտերու եւ թայ պրէյքի պահուն, անյաղթ էր: Այդ պահերուն տեսայ, թէ որքան «ծարաւ» է ոսկի մետալին: Ամբողջ ուժով կը խաղար», ըսաւ 21 տարեկան Ալքարաս, որ կը փորձէր դառնալ ամէնէն երիտասարդ ոսկի մետալ շահող թենիսմենը:

Ճոքովիչ (37 տարեկան), որ 24 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներ շահած է (տղոց մրցանիշ) եւ ամէնէն երկար ժամանակ թիւ 1 դիրքը գրաւած մարզիկը (տղոց թէ աղջկանց պարագային) եղած է, նախապէս 2008-ին շահած էր մետալ մը` պրոնզ: Անոր մինչեւ Լորենցօ Միւզեթթիի յաղթանակը կիսաւարտականի հանգրուանը չէր անցած պարտուելով աւելի ուշ ոսկի մետալակիր դարձած Ռաֆայել Նատալէն (2008-ին), Անտի Մատէյէն (2012-ին) եւ Ալեքսանտր Զվերեւէն (2021-ին):

«Այս տարի պատրաստ էի», ըսաւ Ճոքովիչ, որ այս տարի վիրաւոր էր եւ 2 ամիս առաջ ծունկի վերաբուժութեան ենթարկուած էր: Նշենք, որ մինչեւ Ողիմպիական խաղեր ան լաւագոյն 10-ի մարզիկներուն չէր կրցած յաղթել վճռական մրցումներուն, բայց կիրակի օր իր միակ տիտղոսը, որ չէր շահած տակաւին, կրցաւ շահիլ:

Աղջկանց աւարտականին, չինացի Ժենկ Քինուեն 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով կրցաւ յաղթել խրուաթ Տոննա Վեքիչին` շահելով ոսկի մետալը:

Տղոց պրոնզ մետալը շահեցաւ իտալացի Լորենցօ Միւզեթթի, որ 6-4, 1-6 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատեց Ֆելիքս Օժէ – Ալիասիմը (Քանատա):

Պասքեթպոլի տղոց մրցումներուն, այսօր կը սկսին քառորդ աւարտականի ելոյթները:

Գերմանիա պիտի մրցի Յունաստանի դէմ, Սերպիա` Աւստրալիոյ, Ֆրանսա` Քանատայի, իսկ Միացեալ Նահանգներ` Պրազիլի:

Աղջկանց քառորդ աւարտական մրցումերը կը սկսին վաղը, ուր Սերպիա պիտի մրցի Աւստրալիոյ դէմ, Սպանիա պիտի մրցի Պելճիքայի, Գերմանիա պիտի մրցի Ֆրանսայի դէմ, իսկ Միացեալ Նահանգներ` Նիկերիոյ:

Ֆութպոլի տղոց քառորդ աւարտականին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.

Ֆրանսա – Արժանթին 1-0
Եգիպտոս – Փարակուէյ 1-1 (Եգիպտոս յաղթեց փենալթիներով` 5-4)
Մարոք – Միացեալ Նահանգներ 4-0
Ճափոն – Սպանիա 0-3

Կիսաւարտականին, Ֆրանսա պիտի մրցի Եգիպտոսի դէմ, իսկ Մարոք` Սպանիոյ:

Այսօր տեղի կ՛ունենան աղջկանց ֆութպոլի կիսաւարտականի մրցումները, ուր Պրազիլ պիտի մրցի Սպանիոյ դէմ, իսկ Միացեալ Նահանգներ` Գերմանիոյ դէմ: Քառորդ աւարտականին, Պրազիլ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Ֆրանսային: Սպանիա փենալթիներով պարտութեան մատնած էր Քոլոմպիան, Միացեալ Նահանգներ 1-0 արդիւնքով (յետ երկարաձգման) պարտութեան մատնած էր Ճափոնը, իսկ Գերմանիա փենալթիներով յաղթած էր Քանատային:

Աղջկանց մարմնամարզի անհատական մրցումներուն պրազիլցի Ռեպեքա Անտրատէ կրցաւ չնչին տարբերութեամբ պարտութեան մատնել ամերիկացի Սիմոն Պայլզը, մինչ այլ ամերիկացի մը` Ճորտըն Չայլզ, շահեցաւ պրոնզ մետալ:

Անտրատէ ձեռք ձգեց 14.166 կէտ` շահելով ոսկի մետալ, մինչ Պայլզ ձեռք ձգեց 14.133 կէտ եւ շահեցաւ արծաթ մետալ: Չայլզ 13.766 կէտ ձեռք ձգեց:

Ստորեւ մետալներու դասաւորումը մինչեւ երէկ երեկոյ.

ՈՍԿԻ ԱՐԾԱԹ ՊՐՈՆԶ
1.- Չինաստան 21 17 14
2.- Միացեալ Նահանգներ 19 29 27
3.- Աւստրալիա 13 11 8
4.- Ֆրանսա 12 15 18
5.- Հարաւային Քորէա 11 8 7
6.- Բրիտանիա 10 13 17
7.- Ճափոն 10 5 11
8.- Իտալիա 9 10 6
9.- Նետերլանտներ 6 5 4
10.- Գերմանիա 6 5 3
11.- Քանատա 5 4 8
12.- Նոր Զելանտա 3 4 1
13.- Հունգարիա 3 3 2
14.- Ռումանիա 3 3 1
15.- Այիր 3 0 3
16.- Պրազիլ 2 4 5
17.- Շուէտ 2 3 2
——————-
52.- Հայաստան
————
0
————
1
–
0
Նախորդը

Թենիս. Էլինա Աւանէսեան Հայաստանի Դրօշին Տակ Պիտի Ներկայանայ

Յաջորդը

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Անարդար Պարտութիւն Մը Կրեց

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց Եւ Բարձրացաւ Գ. Դասակարգ

September 26, 2026
Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար`  600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը
Մարզական

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար` 600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը

September 26, 2026
Պասքեթպոլ.  Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի
Մարզական

Պասքեթպոլ. Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.