Մատրիտի Ռէալ խումբի գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք «Լոս Պլանքոս»-ի մարզիկներ Քիլիան Էմպափէ եւ Ճուտ Պելինկհամ պիտի կարենա՞ն մասնակցիլ Աթալանթայի դէմ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 14 օգոստոսին, ան ըսած է. «Յստակ է, որ Էմպափէն կրնայ խաղալ: Նոյնն է պարագան Պելինկհամի: Անոնք պատրաստ են»:
Ֆրանսայի յառաջապահը քիթը կոտրած էր Եւրոպայի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի Աւստրիոյ դէմ մրցումին: Տեղեկութիւն կար նաեւ, որ յարձակող միջնապահ Ճուտ Պելինկհամ Եուրոն անցուցած է ուսի ցաւով:
Միւս կողմէ, Անչելոթթի յայտնած է, թէ Ռէալի համար փոխանցումներու պատուհանը փակ է:
«Մեզի համար պատուհանը փակ է: Վայեխոն վերադարձած է, Ալապան ապաքինումի ընթացքի մէջ է, իսկ երիտասարդները, որոնք մեզի հետ կը մարզուին, մեր կարիքը ունեցած որակները ունին: Այս վիճակով ամէն ինչ իր կարգին է: Ոչ ոք կը հեռանայ, բոլորը կ՛ուզեն մնալ մեզի հետ»:
Նշենք, որ այս ամառ Ռէալին միացան Էմպափէն եւ պրազիլցի Էնտրիքը: