Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր. Արթուր Ալեքսանեան` Արծաթ Մետալակիր Մալխաս Ամոյեան` Պրոնզ Մետալակիր Լեթիսիա Աուն Պրոնզ Մետալի Մրցումի Հասաւ

Օգոստոս 9, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փարիզի Ողիմպիական խաղերը կը շարունակուին եւ ըմբշամարտի մրցումները հասած են իրենց վերջին հանգրուաններուն:

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, 4 անգամ աշխարհի ախոյեան, 7 անգամ Եւրոպայի ախոյեան եւ նախապէս Ողիմպիականի ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեան ոսկի մը եւս աւելցնելու յոյսեր ունէր, սակայն ան պարտութիւն կրելով իր իրանցի մրցակից Մոհամետ Հատի Սարաւիէն (4-1), կրցաւ արծաթ մետալ մը աւելցնել իր մետալներու կողքին:

Ալեքսանեան, որ նախապէս դուրս ձգած էր հարաւային քորէացի Սինճուն Քիմը (9-0), քառորդ աւարտականին աշխարհի փոխախոյեան Ուզպեք Ռուստամ Ասակալովը (9-5) եւ կիսաւարտականին քուպացի Կապրիել Ռուսիլոն (5-3), իր չորրորդ Ողիմպիականին կրցաւ յաջորդական 3-րդ անգամ ըլլալով հասնիլ աւարտական` շահելով իր երկրորդ արծաթ մետալը:

97 քկ կշիռի աշխարհահռչակ հայ ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան շատ զգացուած էր մրցումէն ետք, բան մը, որ նկատեց նաեւ Ուզպեք Ռուստամ Ասակալով, որ ընկերային ցանցին վրայ յայտարարած է. «Լսէ՛ եղբայր, հանգստացի՛ր, ամէն ինչ կարգին է, անկեղծ կ՛ըսեմ: Մի՛ նեղուիր եղբայր, դուն շատ բան արդէն ըրած ես: Ամէն ինչ լաւ է, ըսած է Ուզպեք Ասակալով, որ ինչպէս նշեցինք, նախապէս պարտութիւն կրած էր Ալեքսանեանէն:

77 քկ կշիռի պրոնզի մրցումին, աշխարհի ախոյեան եւ 3 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան 6-5 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուզպեքիստանը ներկայացնող հայ ըմբիշ Արամ Վարդանեանին, շահեցաւ պրոնզ մետալը:

Նշենք, որ Ամոյեան քառորդ աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Ասիոյ ախոյեան Ամին Քաւիանինեճատի (Իրան), ապա կիսաւարտականին տեղի տուած Ճափոնի մրցակիցին դէմ:

Եւրոպայի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան 57 քկ կշիռի մրցումներուն 1/8-րդ հանգրուանին 11-2 արդիւնքին հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Ռոնա Պրաւօ Եանկի վրայ եւ հասաւ քառորդ աւարտական, որ ցաւալի պարտութիւն մը կրեց Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Ապտուլլայեւէն` 12-5 արդիւնքով:

Եթէ Ապտուլլայեւ հասնի աւարտական, Արսէն կրնայ պրոնզի մրցումի համար զտումի հանգրուան մը անցնիլը:

Թայքուատոյի աղջկանց մրցումներուն գծով, Լիբանանը ներկայացնող վերջին ներկայացուցիչ Լեթիսիա Աուն, որ 57 քկ կշիռի մրցումներուն կը մասնակցի, կրցաւ 2-0 արդիւնքով նախ յաղթեց Չիա-Լինկ Լոյի (Թայփէ), ապա քառորդ աւարտականին Մակեդոնացի Միլիենա Ռելյիքի` հասնելով կիսաւարտական, ուր տեղի տուաւ Իրանի Նահիտ Քիյանիչանտէի դէմ մրցումին:

23 տարեկան Լեթիսիա Աուն Ասիոյ թիւ 1 դիրքը գրաւած էր զտումի մրցումներուն, եւ աշխարհի թիւ 9 դիրքը` 2022-ի եւ 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն:

Յոյսով, որ Լեթիսիա Աուն, 1980-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով մետալ մը շահի Լիբանանի դրօշով:

1980-ի Մոսկուայի Ողիմպիականին ըմբիշ Հասան Պշարա շահած էր պրոնզ մետալ մը, որ եղած էր վերջինը Լիբանանի համար:

Սկաւառակ արձակելու տղոց մրցումներուն, ժամայքացի Ռոճ Սթոնա 70 մեթր նետելով արձանագրեց ողիմպիական մրցանիշ մը, որ նախապէս 69,89 մեթր էր` արձանագրուած 20 տարի առաջ, Աթէնքի մէջ: Աշխարհի մրցանիշը 74,35 մեթր է եւ կը պատկանի Լիթուանացի Վիրճիլիուս Ալեքնայի, որ գրաւեց Բ. դիրքը` շահելով արծաթ մետալ (69,97 մեթր): Պրոնզ մետալ շահեցաւ Մեթիու Տեննի (Աւստրալիա), որ 69,31 մեթր արդիւնք մը արձանագրեց:

Խմբային խաղերուն, տղոց ֆութպոլի պրոնզէ մետալի մրցումին, Մարոք բաւական անխնայ էր Եգիպտոսի դէմ եւ 6-0 արդիւնքով լայն յաղթանակ տարաւ:

Էզզալզուլի, Սոֆիան Ռահիմի (2), Էլխաննուս, Նաքաշ եւ Աշրաֆ Հաքիմի նշանակեցին Մարոքի կոլերը:

Այսօր ժամը 19:00-ին տեղի կ՛ունենայ ոսկի մետալի մրցումը (աւարտականը)` Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ միջեւ: 1996-ի Ողիմպիականին նոյն խումբերը հանդիպած էին իրարու, բայց խմբակի մրցումներու ժամանակ, եւ մրցումը աւարտած էր 1-1 արդիւնքով:

Աղջկանց պասքեթպոլի մրցումներուն, Ֆրանսա 84-71 արդիւնքով դուրս ձգած էր Գերմանիան իսկ Միացեալ Նահանգներ 88-74 արդիւնքով յաղթած էր Նիկերիոյ:

Կիսաւարտականին Ֆրանսա պիտի մրցի Պելճիքայի դէմ, իսկ Միացեալ Նահանգներ` Աւստրալիոյ դէմ:

Պասքեթպոլի երեք ընդդէմ երեքի խաղերը վերջ գտան, ուր տղոց մրցումներուն, Նետերլանտներ  18-17 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Ֆրանսան, յետ երկարաձգման:

Պրոնզ մետալի մրցումին, Լիթուանիա 21-18 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լաթվիան:

Աղջկանց մրցումներուն (3×3) Գերմանիա շահեցաւ ոսկի մետալ` 17-16 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սպանիոյ:

Պրոնզ մետալ շահեցան Միացեալ Նահանգներ, որոնք 16-13 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Քանատայի աղջիկները:

Նախորդը

Ռէալ Մատրիտի Խումբը Ամբողջացաւ

Յաջորդը

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Գրաւեց Առաջին Երկու Դիրքերը

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?