Ռէալ Մատրիտ ակումբի մարզիկները վերջապէս ամբողջութեամբ միացան եւ երէկ մասնակցեցան առաջին փորձին:
Արդարեւ, ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ երէկ կատարեց իր առաջին փորձը «Լէ Մերինկէ»-ին հետ: Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եուրոյէն ետք, ակումբի փորձերուն միացած են նաեւ Տանիել Քարվախալ, Ճուտ Պելինկհամ, Օրելիեն Չուամենի, Էտուարտօ Քամավինկա եւ Ֆերլան Մենտի:
Նշենք, որ 3 յունիսին Էմպափէ պաշտօնապէս դարձած էր Ռէալ Մատրիտի մարզիկ: Ապա մամլոյ տեղեկութիւններ յայտնեցին, որ ան տարեկան աշխատավարձ պիտի ստանայ 30 միլիոն եւրօ, առաւել նշանակած կոլերուն համեմատ պոնիւս:
Էմպափէն ձեռք ձգելու համար որեւէ խումբ կրնայ 1 միլիառ եւրօ վճարել եւ զայն ձեռք ձգել… այդ է իր պայմանագիրը չաւարտելու հիմնական փոխարժէքը:
Միւս կողմէ, խումբի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի խօսեցաւ խումբին երիտասարդ մարզիկներուն` 18 տարեկան Էնտրիքի եւ 19 տարեկան Կիւլերի մասին:
«Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է, երբ տեսնեմ այսպիսի երիտասարդ տղաք, որոնք շատ արագ կը սորվին եւ ուշադիր կ՛ըլլան ամէն ցուցմունքի: Անոնք կը ցանկան աճիլ եւ կատարելագործուիլ: Աւելի ծիծաղելի բան մըն է, որ Վինիսիուսը, Ռոտրիկոն, Պելինկհամը եւ Քամավինկան այլեւս երիտասարդ չեն նկատուիր, ըսաւ Անչելոթթի: Նշենք, որ Վինիսիուս (24), Ռոտրիկօ (23) Պելինկհամ եւ Քամավինկա (21 տարեկան) բաւական մրցումներ կոտրած են արդէն Ռէալի հետ: