Այսօր, Ռուանտայի մէջ տեղի կ՛ունենան աղջկանց 2026-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն գծով մրցաշարքի բացման մրցումները, ուր Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը կը մրցի հիւրընկալ Ռուանտայի դէմ:
Մրցումները տեղի կ՛ունենան Քիկալիի մէջ 19-էն 25 օգոստոս, եւ Լիբանան մաս կը կազմէ Դ. խմբակին` Ռուանտայի, Բրիտանիոյ եւ Արժանթինի կողքին:
Լիբանանի ազգային խումբին մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ Անթիլիասէն երեք մարզիկներ` Փաթիլ Ասատուրեան, Նարինէ Կէօքճեան եւ Փերլա Պու Նասր:
Նշենք, որ ազգային խումբին մաս կը կազմեն Ռեպեքքա Աքլ, Այտա Պախոս, Զէյնա Էլիաս, Ամար Մանսուր, Մելոտի Սանեհ, Մեղրի Թորոսեան, Մէյկըն Նաասան, Ռիմ Ղալի, Մարիա Ղալեպ, Նուր Լապպան եւ Թրինթի Պափթիսթ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի երեք մարզիկները` Փաթիլ, Նարինէ եւ Փերլա:
Այսօր ժամը 20:00-ին Լիբանան կը մրցի Ռուանտայի դէմ, ապա չորեքշաբթի` Բրիտանիոյ դէմ, իսկ հինգշաբթի` Արժանթինի դէմ:
Առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կիսաւարտականին կը մրցին Գ. խմբակէն առաջին երկուքին դէմ: Գ. խմբակին մաս կը կազմեն Պրազիլ, Հունգարիա, Սենեկալ եւ Ֆիլիփեան կղզիներ:
Շաբաթ օր տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի մրցումները, իսկ կիրակի` աւարտականի մրցումը: