Այսօր տեղի կ՛ունենան Սինսինսթթիի մրցաշարքի տղոց եւ աղջկանց մրցումներուն աւարտականները:
Տղոց մրցումներուն, թիւ 1 թենիսմեն իտալացի Եաննիք Սինըր շատ դժուար յաղթանակ մը տարաւ թիւ 3 դասուած գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ:
Սինըր 3 ժամէ աւելի պայքարեցաւ եւ 2 սեթ յաղթեց թայ պրէյքով, մինչ Զվերեւ 2-րդ սեթը յաղթեց 7-5 արդիւնքով:
Երկրորդ կիսաւարտականին, ամերիկացի Ֆրանսըս Թիաֆօ (թիւ 27) 4-6, 6-1 եւ 7-6 արդիւնքով դժուարութեամբ յաղթեց դանիացի Հոլկըր Ռունէի (թիւ 16)` 2 ժամ 11 վայրկեան տեւած մրցումէն ետք:
Քառորդ աւարտականին, Սինըր դուրս ձգած էր Անտրէ Ռոպլեւը Զվերեւ` Շելթընը, Թիաֆոն` Հուրքաչը, իսկ Ռունէն` Տրէյփըրը:
Աղջկանց մրցումներուն, Պիլելոռուս Արինա Սապալենքա (թիւ 3) աւարտականին պիտի մրցի Ճեսիքա Փեկուլայի դէմ (թիւ 6):
Արինա Սապալենքա 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել թիւ 1 թենիսվումըն լեհ Իկա Շվիանթեքը, մինչ Փեկուլա դուրս ձգած էր թիւ 37 Փաուլա Պատոսան` 6-2, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով:
Նշենք, որ Սապալենքա քառորդ աւարտականին դուրս ձգած էր ռուս Լիուտմիլա Սամսոնովան, որ դուրս ձգած էր Էլինա Աւանէսեանը Դ. հանգրուանին: