Անցեալ շաբաթ արծաթ մետալ շահելէ ետք Ֆրանսայի Ողիմպիական խումբին հետ, Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ մարզիչ Թիերի Հանրի լքած է իր պաշտօնը, անձնական պատճառներով:
Ֆրանսայի պատմական յառաջապահը տակաւին պայմանագրութիւն ունէր մինչեւ 2025 մարզելու Ֆրանսայի 21 տարեկանէն վար ազգային խումբը:
Ֆետերասիոնի նախագահ Ֆիլիփ Տիալօ շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրիին իր «խստապահանջութեան, բացառիկ արհեստավարժութեան եւ կապոյտ տարազին նկատմամբ իր սիրոյն համար»:
2023-ին ժամանած Հանրի մարզած էր Ողիմպիական խումբը եւ զայն առաջնորդած մինչեւ աւարտական, ուր երկարաձգումին պարտութիւն կրած էր Սպանիայէն:
Աւարտականէն ետք, Արսենալի եւ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահը իր ազգային մասին յստակ պատասխան չէր տուած` յայտնելով, որ կրնայ չմնալ 21 տարեկանէն վար ազգային խումբին հետ:
«Իմ հայրենիքիս համար արծաթ մետալ շահիլը` Ողիմպիականին, իմ ամէնէն հպարտալի պահերէս մէկն էր», ըսաւ Հանրի: