Մանչեսթըր Սիթիի մարզիկ Ֆիլ Ֆոտըն (24 տարեկան) շահեցաւ 2023-2024 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը, ըստ «Փի. Էֆ. Էյ.»-ի (արհեստավարժ ֆութպոլիստներու միութիւն):
Մանչեսթըր օփերայի տան մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան, (երեքշաբթի գիշեր) Ֆոտըն եւ Չելսիի մարզիկ Քոլ Փալմըր (երիտասարդ լաւագոյն մարզիկ) շահեցան զոյգ տիտղոսները, առաջին անգամ ըլլալով 2009-2010 տարեշրջանէն ի վեր, ուր երկու անգլիացիներ Ուէյնի Ռունի եւ Ճէյմզ Միլնըր շահած էին երկու տիտղոսները:
Ֆոտըն 35 մրցումներու ընթացքին 19 կոլ նշանակած էր` 23 տարեկանին դառնալով ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ 6 ախոյեանութիւն կը շահէր:
«Այս տիտղոսը շահիլը տարբեր զգացում մըն է, որ կը հպարտացնէ զիս: Այս ձեւով կը ճանչցուիս հետդ արհեստավարժ ֆութպոլ խաղցողներու կողմէ. կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլորին, որ ինծի քուէարկեցին», ըսաւ Ֆոտըն:
Ֆոտըն 2023-2024 տարեշրջանի «Փրեմիեր լիկ»-ի լաւագոյն մարզիկն ալ ընտրուած էր թղթակիցներու կողմէ:
Նախապէս 2 անգամ լաւագոյն երիտասարդ մարզիկ ընտրուած Ֆոտըն գովաբանեց մարզիկ Փեփ Կուարտիոլան եւ խմբակիցները` զինք աւելի լաւ մարզիկ դարձնելու համար:
Ան գերազանցեց իր խմբակիցներ ՕԷրլինկ Հաալանտը եւ Ռոտրին, ինչպէս նաեւ Չելսիի Քոլ Փալմըրը, Արսենալի Մարթին Օտըկարտը եւ Ասթոն Վիլայի Օլլի Ուոթքինզը:
Փալմըրին ձեւով մը փոխ հատուցում տրուեցաւ` շահելով լաւագոյն երիտասարդ մարզիկի տիտղոսը:
22 տարեկան Փալմըր 22 կոլ նշանակեց Չելսիի հետ 34 մրցումներու ընթացքին:
Փալմըրի ետին կը պայքարէին Պուքայօ Սաքա (Արսենալ) Մանչեսթըր Եունայթըտի զոյգը Քոպի Մէյնու եւ Ալեխանտրօ Կառնաչօ, Քրիսթըլ Փելեսի Մայքըլ Օլիզէ (այժմ` Պայերն Միւնիխ) եւ Պրայթընի Ժոաօ Փետրօ:


