Ռուսիոյ ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով Մոսկուայի բանակայիններ կը հիւրընկալէին Լոքոմոթիւ Մոսկուան:
Լոքոմոթիւ Մոսկուայի աջ ծայրի պաշտպան Նայիր Թիքնիզեան պահեստի աթոռներուն վրայ առիթի կը սպասէր միանալու ճերմակ հաւասարութեան գացող մրցումին:
76-րդ վայրկեանին Մաքսիմ Նենախով փոխարինուեցաւ եւ դաշտ ներկայացաւ Թիքնիզեան, որ իրեն հետ դաշտ ներկայացած խմբակից Վլատիսլաւ Սարվելլիի փոխանցումէն օգտուելով նշանակեց կոլ մը, որ 3 կէտերը նուիրեց Լոքոմոթիւին:
Լոքոմոթիւ գրաւեց 3-րդ դիրքը 12 կէտերով` Զենիթի (13 կէտ) եւ Տինամօ Մոսկուայի ետին:
Միւս կողմէ, Կրասնոտար 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փարին եւ 9-րդ կէտը ձեռք ձգեց` գրաւելով 5-րդ դիրքը: Հայաստանի ազգային խումբի մարզիկ Էտուարտ Սփերցեան առաջին կոլի փոխանցումը կատարեց նիկերիացի Մոզես Տաւիտ Քոպնանի, որ տուպլէ մը իրագործեց: