Գերմանիոյ ազգային խումբի մարզական տնօրէն Ռուտի Ֆէօլըր անցեալ շաբաթավերջին կարճ զրոյց մը ունեցաւ Ֆլորիան Փլեթենպերկի հետ, որուն հետ քննարկեց Մանուէլ Նոյըրի եւ Լէոն Կորեցքայի հարցերը:
Նոյըր, որ 2009-էն ի վեր մաս կը կազմէ ազգային խումբին, այժմ 38 տարեկան է:
«Մանուէլի ապագային գծով որոշում պիտի տրուի մինչեւ կազմի յայտարարութիւնը` յաջորդ շաբաթ, երբ հրապարակուին ազգային խումբի անդամներու անունները, որոնք սեպտեմբերին պիտի մասնակցին Ազգերու լիկայի մրցումներուն: Ան արժանի է թիւ 1 դիրքի վրայ մնալ, սակայն մարզիչը ինք կ՛որոշէ», ըսաւ Ֆէօլըր:
Պատասխանելով միջնապահ Լէոն Կորեցքայի մասին հարցումի մը` ան ըսաւ. «Եթէ ան կը փափաքի ազգային խումբ վերադառնալ, պէտք է հեռանայ Պայերն Միւնիխէն: Ամէն պարագայի, ինք պէտք է գիտնայ, թէ ի՛նչը իրեն համար աւելի լաւ է: Պայմանագիր կայ, բայց մարզիկը նոյնպէս կը ցանկայ ինքն իրեն հանգիստ զգալ եւ բաւարար վայրկեաններ ունենալ կանաչ դաշտին վրայ»:
Նշենք, որ Կորեցքայի դիրքը բաւական դժուարացաւ, մանաւանդ որ նոր մարզիչ Վենսան Քոմփանի Քիմիչը վերադարձուց միջնապահ դիրքի, սակայն Փաուլինիայի միանալով Պայերնի կեդրոնի միջնապահ դիրքի վրայ շատ մարզիկներ կան, որոնք բոլորն ալ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին: Ժոաօ Փաուլինիա, Քոնրատ Լայմըր, Ալեքսանտր Փաւլովիչ, Եոլուա Քիմիչ նոյն դիրքերուն համար կը պայքարին Կորեցքայի կողքին: