Շաբաթավերջին սկսան եւրոպական կարեւոր 5 երկիրներու 47 ախոյեանութիւնները, իսկ Գերմանիոյ պարագային բաժակի մրցաշարքը:
Անցեալ տարուան ախոյեան խումբերը ընդհանրապէս յաղթանակներով սկսան: Միայն Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ եւ Իտալիոյ ախոյեան Ինթեր Միլան հաւասարութիւններ արձանագրեցին իրենց բացման մրցումներուն:
Անգլիոյ մէջ մրցանիշներով սկսաւ առաջին հանգրուանը, ուր եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ իր 8-րդ տարեշրջանը սկսաւ Լիվըրփուլի հետ` նշանակելով բացման օրուան իր 9-րդ կոլը, այսպիսով մրցանիշ հաստատելով: Ան ամէն եղանակի առաջին մրցումին անպայման կոլ կը նշանակէ:
Լիվըրփուլ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Իփսուիչ Թաունի դաշտէն, Տիոկօ Ժոթա նշանակած էր մրցումի առաջին կոլը` Սալահի փոխանցումէն ետք:
38 տարեկան Ճէյմս Միլնըր, որ Լիվըրփուլը լքելէ ետք իր 2-րդ տարեշրջանը կ՛անցընէ Պրայթընի հետ, իր կարգին մրցանիշ մը իրագործեց` մասնակցելով իր ասպարէզի 23-րդ տարեշրջանին:
Նախապէս մրցանիշը կը պատկանէր Մանչեսթըր Եունայթըտի կալեսցի միջնապահ Ռայըն Կիկզի, որ 22 տարեշրջանի մասնակցած էր:
Միլնըր սկսած էր Լիծի հետ, ապա անցած էր Նիւքեսըլ, Ասթոն Վիլա Մանչեսթըր Սիթի եւ Լիվըրփուլ:
Միլնըրի խումբը` Պրայթըն, 3 անպատասխան կոլեր նշանակեց Լիվըրփուլ քաղաքի Էվըրթըն խումբին դէմ մրցումին:
Անցեալ 4 տարիներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 2-0 արդիւնքով յաղթանակով սկսաւ Չելսիի դաշտի վրայ: Էրլինկ Հաալանտ եւ Մաթէօ Քովասիչ նշանակեցին Սիթիի կոլերը:
Մանչեսթըր քաղաքի Եունայթըտ ախոյեանութեան բացման մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ֆուլհամը` շնորհիւ Եոշուա Զիրքզիի (Նետերլանտներ) կոլին:
Արսենալ իր կարգին յաղթանակով սկսաւ եւ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Վուլվզին` շնորհիւ Քայ Հավերցի եւ Պուքայօ Սաքայի կոլերուն:
Ստորեւ արդիւնքները.
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ֆուլհամ 1-0
Իփսուիչ – Լիվըրփուլ 0-2
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Պորնմաութ 1-1
Նիւքեսըլ – Սաութհեմփթըն 1-0
Էվըրթըն – Պրայթըն 0-3
Արսենալ – Վուլվզ 2-0
Ուեսթ Համ – Ասթոն Վիլա 1-2
Պրենթֆորտ – Քրիսթըլ Փելես 2-1
Չելսի – Մանչեսթըր Սիթի 0-2
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի մրցումներուն, ախոյեան Ռէալ Մատրիտ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռէալ Մայորքայի դաշտին վրայ` անյաղթ մնալու իր մրցանիշը բարձրացնելով 32-ի: Նախապէս 1989-1990 տարեշրջանին Լէօ Պենհաքըրի օրերուն Ռէալ 30 յաջորդական մրցումներ անյաղթ մնացած էր:
13-րդ վայրկեանին, Վինիսիուս Ժունիորի փոխանցումէն օգտուելով, Ռոտրիկօ նշանակեց Ռէալ Մատրիտի կոլը:
Բ. կիսախաղին Ռէալ Մատրիտ համեմատաբար աւելի լաւ էր, սակայն Մայորքա հաւասարեցաւ 53-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Վետաթ Մուրիքիի:
Պարսելոնա Վալենսիայի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց Ռոպերթ Լեվանտովսքիի տուպլէին շնորհիւ:
Սպանացի Հիւկօ Տիւրօ 44-րդ վայրկեանին նշանակած էր Վալենսիայի կոլը:
Ստորեւ` առաջին հանգրուանի արդիւնքները.
Աթլեթիք Պիլպաօ – Խեթաֆէ 1-1
Ռէալ Պեթիս – Ժերոնա 1-1
Սելթա Վիկօ – Ալավես 2-1
Լաս Փալմաս – Սեւիա 2-2
Օսասունա – Լեղանես 1-1
Վալենսիա – Պարսելոնա 1-2
Ռէալ Սոսիետատ – Ռայօ Վայեքանօ 1-2
Մայորքա – Ռէալ Մատրիտ 1-1
Իտալիոյ ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Ինթեր Միլան 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ճենովայի դէմ:
Ճենովայի մէջ տեղի ունեցած մրցումին Ինթեր մանաւանդ առաջին կիսախաղին շատ լաւ մրցում ունեցաւ, սակայն մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց:
20-րդ վայրկեանին ազատ հարուածէ մը ետք գնդակը հասաւ յետսապահ Ալեսանտրօ Վոլիաչոյի, որ ձողէն եկած գնդակ մը զետեղեց Ինթերի բերդին մէջ: 10 վայրկեան ետք, Պարելլայի փոխանցումէն ետք Մարքուս Թիւրամ գլխու հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
52-րդ վայրկեանին Ինթեր նշանակեց կոլ մը Ֆետերիքօ Տիմարքոյի շնորհիւ, սակայն օֆ սայտի դրօշը Ինթերի զրկեց կոլէ մը:
84-րդ վայրկեանին, Մարքուս Թիւրամ լոպով մը Ճենովայի բերդապահին գլխուն վրայէն նշանակեց Ինթերի 2-րդ կոլը:
92-րդ վայրկեանին գնդակը դպաւ Ինթերի մարզիկներէն մէկուն ձեռքին եւ ՎԱՐ-ը զայն փենալթի նկատեց, իրաւարարը հաստատելէ ետք դաշտին կեդրոնը պաստառին վրայ փենալթի սուլեց ի վնաս Ինթերի: Պրազիլցի Ժունիոր Մեսիաս հարուածեց, սակայն Ինթերի զուիցերիացի բերդապահ Եան Զոմըր զսպեց զայն, սակայն գնդակը հասաւ նոյնինքն Մեսիասի, որ նշանակեց Ճենովայի հաւասարութեան կոլը:
Ստորեւ` առաջին հանգրուանի արդիւնքները.
Քալիարի – Ա. Էս. Ռոմա 0-0
Լացիօ Ռոմա – Վենեցիա 3-1
Պոլոնիա – Ուտինեզէ 1-1
Վերոնա – Նափոլի 3-0
Էմփոլի – Մոնցա 0-0
Ա. Սէ. Միլան – Թորինօ 2-2
Ճենովա – Ինթեր Միլան 2-2
Փարմա – Ֆիորենթինա 1-1
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի առաջին հանգրուանին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Ռենն – Լիոն 3-0
Մոնփելիէ – Սթրազպուրկ 1-1
Թուլուզ – Նանթ 0-0
Անժէ – Լանս 0-1
Օքսեռ – Նիս 2-1
Մոնաքօ – Սենթ Էթիեն 1-0
Ռենս – Լիլ 0-2
Պրեսթ – Մարսէյ 1-5
Լը Հաւր – Փարիզ Սեն Ժերմեն 1-4
Գերմանիոյ բաժակի մրցաշարքի կարեւորագոյն մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Մեփեն – Համպուրկ 1-7
Տինամօ Տրեստըն – Ֆորթունա Տիւսելտորֆ 2-0
Սանտհաուզըն – Քէօլն 2-3
Հանզա Ռոսթոք – Հերթա Պերլին 1-5
Վիքթորիա Պերլին – Աուկզպուրկ 1-4
Ալմանիա Ախըն – Հոլշթայն Քիլ 2-3
Արմենիա Պիլըֆելտ – Հանովր 2-0
Ֆոնիքս Լուպեք – Տորթմունտ 1-4
Էսեն – Լայփցիկ 1-4
Աալեն – Շալքէ 0-2
Օսնապրիւք – Ֆրայպուրկ 0-4
Ինկոլշթատթ – Քայզըրսլաութըրն 1-2
Ուլմ – Պայերն Միւնիխ 0-4
Աուէ – Մէօնշընկլատպախ 1-3
Վուրցպըրկըր Քիքըրզ – Հոֆենհայմ 2-3