Չեխիոյ մէջ տեղի ունեցան ճատրակի երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեանութեան (18 տարեկանէն վար) մրցումները:
Արագ ճատրակի Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ Ալքս Սահակեան, որ 7-րդ դասուած էր եւ մնաց անպարտելի 9 մրցումներուն` ձեռք ձգելով 7,5 կէտ կարելի 9-էն:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց ուքրանացի Վլատիսլաւ Ֆիշչուք (7 կէտ), իսկ 3-րդ` լեհ Եան Քլիմքովսքի, որ թիւ 1 դասուած մարզիկն էր:
Նշենք, որ 64 մրցակիցներ մասնակցեցան այս մրցումներուն, ուր Ալեքս Սահակեան միակ հայն էր: