Փրակայի (Չեխիա) մէջ տեղի ունեցող արագ ճատրակի Եւրոպայի տարիքային ախոյեանութիւնը շարունակուեցաւ, եւ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ դարձան Եւրոպայի ախոյեաններ:
Արդարեւ, 8 տարեկանէն վար աղջկանց Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ Սոֆիա Պաղրամեան, իսկ 14 տարեկանէն վար աղջկանց Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ Սոնա Գրգեաշարեան:
Սոֆիա Պաղրամեան 18 կարելի կէտերէն 16-ը հաւաքեց, մինչ Սոնա Գրգեաշարեան 18 կարելի կէտերէն 14,5 կէտ ձեռք ձգեց:
10 տարեկանէն վար պատանիներու արագ ճատրակի խմբային ախոյեանութեան, Հայաստան գրաւեց 3-րդ դիրքը եւ դարձաւ պրոնզէ մետալակիր, Հայաստանի խումբին մաս կազմեցին Դաւիթ Մելքոնեան, Աշոտ Աւետիսեան, Արմէն Վարդանեան եւ Սլաւա Կոնճորեան:
Տիգրան Պետրոսեան 6,5 կէտ հաւաքեց 14 տարեկանէն վար պատանիներու մրցումներուն եւ գրաւեց 8-րդ դիրքը:
Համլեթ Անտոնեան 6 կէտ հաւաքեց եւ 16 տարեկան պատանիներու ախոյեանութեան 7-րդ դիրքը գրաւեց:
Եւրոպայի պատանիներու արագ եւ կայծակնային ախոյեանութիւններուն Հայաստանէն կը մասնակցին 19 ճատրակի ներկայացուցիչներ` Ալեքս Սահակեան (18 տարեկանէն վար), Համլեթ Անտոնեան (16 տարեկանէն վար), Ալեն Յակոբեան (16 տարեկանէն վար), Արամ Մարգարեան (14 տարեկանէն վար), Տիգրան Պետրոսեան (14 տարեկանէն վար), Միքայէլ Պալտրեան (12 տարեկանէն վար), Անրի Հայրապետեան (12 տարեկանէն վար), Սուրէն Կարապետեան (12 տարեկանէն վար), Դաւիթ Մելքոնեան (10 տարեկանէն վար), Արմէն Վարդանեան (10 տարեկանէն վար), Նարեկ Խաչատրեան (8 տարեկանէն վար), Յակոբ Պետրոսեան (8 տարեկանէն վար), Մանուէլ Վարդանեան (8 տարեկանէն վար), Սոնա Գրգեաշարեան (14 տարեկանէն վար), Լիտիա Յարութիւնեան (12 տարեկանէն վար), Արիանա Չիլինկարեան (10 տարեկանէն վար) եւ Սոֆիա Պաղրամեան (8 տարեկանէն վար):