Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի պատանիներու (17 տարեկանէն վար) աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ըմբշամարտի ազգային խումբի ըմբիշ Սէյրան Կիրակոսեան արագ յաղթանակ մը արձանագրած է իր ազրպէյճանցի մրցակիցին վրայ: Կիրակոսեան թեքնիք շարժումով մը յաղթած է Ապտուլ Հասանովի:
Նշենք, որ Կիրակոսեան Եւրոպայի պատանիներու փոխախոյեանն է: Մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ Ամմանի մէջ, կ՛երկարի մինչեւ 25 օգոստոս: Անոր կը մասնակցին 576 ըմբիշ` աշխարհի 4 ծագերէն:


