Իտալացի Եաննիք Սինըր երէկ առաւօտեան ժամերուն շահեցաւ Սինսինաթթիի թենիսի բաց մրցաշարքը` աւարտականին յաղթելէ ետք Ֆրանզ Թիաֆոյին` 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով:
Աշխարհի թիւ 1 թենիսմենը առաջին սեթը մօտ 1 ժամ սուր պայքար տանելէ ետք միայն կրցաւ յաղթել թիւ 20 Թիաֆոյին:
Աղջկանց աւարտականին, Արինա Սապալենքա 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել ամերիկացի Ճեսիքա Փեկուլան` 1 ժամ 16 վայրկեան տեւած մրցումէ ետք:
Պիելոռուս Սապալենքա, որ աշխարհի թիւ 3 թենիսվումընն է, այս տարի յաճախ վիրաւորուած եւ հեռու մնացած էր տիտղոսներէ, բայց այժմ լաւ մակարդակի վրայ է եւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի նախօրեակին թեկնածու կը նկատուի:
Մոնթերէի մէջ (Մեքսիքօ) տեղի կ՛ունենայ Մոնթերէի թենիսի աղջկանց մրցաշարքը, որուն կը մասնակցի հայ թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան:
Աւանէսեան իր առաջին մրցումին 7-6 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իտալացի Էլիզապեթթա Քոչիարեթթոն (թիւ 64) եւ հասաւ 1/8-րդ աւարտականին, ուր պիտի մրցի այլ Էլինայի մը` ուքրանացի Սվիթոլինային դէմ:
Սվիթոլինա թիւ 5 դասուած է եւ այժմ աշխարհի թիւ 28-ն է:
Մրցաշարքի թիւ 1 դասուած մարզիկն է Տանիէլ Քոլինզ (Միացեալ Նահանգներ), որ աշխարհի թիւ 11-ն է: