Աւստրալիոյ թենիսվումըն Մայա Ճոնյթ կրնայ կորսնցնել իր վաստակած մրցանակային գումարը, ըստ Ամերիկեան ազգային քոլեճի մարզական միութեան («Էն. Սի. Էյ. Էյ.») օրէնքներուն:
Արդարեւ, Ճոյնթ, որ Բ. հանգրուանին դուրս ձգած էր գերմանացի Լաուրա Զիկմունտը, բնականաբար վաստակած էր 140 հազար ամ. տոլար, յաջորդ հանգրուան հասնելուն պատճառով:
Բայց Ճոյնթ, որ նախապէս կը յաճախէր Թեքսասի մէկ համալսարանը, որովհետեւ ուսանող-մարզիկ էր եւ արհեստավարժ մրցումներու կը մասնակցէր, ինքնաբերաբար «Էն. Սի. Էյ. Էյ.»-ի օրէնքներուն պէտք է հետեւէր: Անոնք (ուսանող-մարզիկ) կարող են ստանալ մինչեւ 10 հազար ամ. տոլար, եւ ապագայի որեւէ շահ կրնան օգտագործել միայն ծախսերը վճարելու համար:
Որոշ մարզիկներ այժմ դատի մէջ են «Էն. Սի. Էյ. Էյ.»-ի օրէնքներուն պատճառով:
Նշենք, որ Ճոյնթ աշխարհի թիւ 135 դասուած թենիսվումընն է եւ կրնայ համալսարանական իր ուսումէն հրաժարիլ` շարունակելու համար իր ելոյթները:
Ան շատ յոյս չունի շատ յառաջ երթալ «Եու. Էս. Օփըն»-ի մրցումներուն, եւ կը նախատեսուի, որ համալսարանական իր ուսումը կրնայ շարունակել, ուր կը ցանկայ սորվիլ հոգեբանութիւն եւ քրէագիտութիւն: