Վերջերս բազմաթիւ կայքեր, նկատի առնելով ամէն տեսակի չափանիշներ, հրապարակած են ֆութպոլի լաւագոյն մարզադաշտերու լաւագոյն 10-ն, ըստ իրենց համակիրներուն մթնոլորտին` նկատի առնելով հանդիսատեսներուն գոհ մնալը, դաշտին աթոռներուն սակերը, եւ նոյնիսկ դաշտին մէջ գտնուող կրպակներու գիները:
Առաջին դիրքը գրաւեց Գերմանիոյ Տորթմունտի դաշտը` Սիկնալ Իտունա Փարքը, որ կրնայ հիւրընկալել 81 հազարէ աւելի համակիրներ, մինչ միջին հաշուով տոմսերուն գիները 35 եւրոյի մօտ են եւ ամէն տեսակ դիւրութիւններով օժտուած:
Ռէալ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ն կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: Պեռնապէօ իր կարգին 81 հազար համակիրներ կրնայ ընդունիլ, ինչպէս նաեւ ունի անդամալոյծներու հսկայ բաժին մը, ուր շատ դիւրութիւններ կան 2,5 եւրոյէն սկսեալ գիներով:
Պարսելոնայի Քամփ Նուն 3-րդ դիրքի վրայ կը գտնուի, հակառակ ամէնէն շատ թիւով համակիրներ հիւրընկալելուն (99,354 համակիր) եւ անդամալոյծներու համար շատ դիւրին փոխադրամիջոցներով հարուստ ըլլալուն:
Մանչեսթըր Եունայթըտի «Օլտ Թրաֆորտ»-ը կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, մինչ Ինթերի եւ Ա. Սէ. Միլանի դաշտը` «Սան Սիրօ»-ն 5-րդ: Արսենալի «Էմիրեթց» դաշտը (6-րդ), Թոթենհամի դաշտը (7-րդ), «Ուեմպլի»-ն (8-րդ), «Սթատ տը Ֆրանս»-ը (9-րդ) եւ Տապլինի «Քրոք Փարք»-ը (10-րդ) կ՛ամբողջացնեն լաւագոյն 10-ի ցանկը:
Գերմանական այլ դաշտեր կը նկատուին ցանկի վերջիններէն` նկատի ունենալով գարեջուրի սուղ գիները, ինչպէս նաեւ անդամալոյծներու ոչ շատ յարմարութիւնները, մինչ անգլիական դաշտերը համեմատաբար ցանկին մէջ ամէնէն «սուղ» դաշտերն են:


