Ան միշտ շրջավազք կը ներկայանայ արկածէ մը ետք: Պերնտ Մայլանտեր, որ «սէյֆթի քար»-ի (ապահովութեան ինքնաշարժ) վարորդն է 2000 թուականէն ի վեր, երէկ արկած մը ունեցաւ Իտալիոյ մէջ տեղի ունենալիք Մոնցայի կրան փրիի փորձերուն ժամանակ:
Մայլանտերի Ասթոն Մարթինը 270 քմ ժամական արագութեան վրայ էր, երբ հռչակաւոր Փարապոլիքա դարձուածքին վրայ անոր արգելակը (Ֆրեն) չկրցաւ զսպել ինքնաշարժը, բայց գերմանացի վարորդը ինքնաշարժը աջ ու ձախ դարձնելով բաւական դանդաղած ձեւով դուրս եկաւ շրջավազքէն եւ անիւներուն զարնուեցաւ:
Այս անգամ Ֆորմիւլա 1-ի տեսարանը տարբեր էր… «սէյֆթի քար»-ը արկած կ՛ունենար:
«Գաղափար չունիմ, թէ որքա՛ն ժամանակ ունէին անիւներուն զարնուելէս առաջ, քանի դէպի ետեւ կը յառաջանայի` դանդաղեցնելու համար ինքնաշարժը, սակայն պէտք է ըսեմ, որ կողմի խիճերը բաւական դանդաղեցուցին: Ցնցումը շատ զօրաւոր էր, բայց լաւ եմ:
Վիզի ցաւ նոյնիսկ չունիմ: Օգնականս ալ լաւ վիճակի մէջ է: Շրջավազքի կողմի պաշտպանող ցանկապատն ու հինգ շարք անիւները բաւական զսպեցին ինքնաշարժը եւ վտանգէ փրկեցին մեզ: Վերջին տարիներուն Մերսետես Ճի. Թի. կ՛ըլլար «սէյֆթի քար»-ի ինքնաշարժը, սակայն այս տարի Ասծոն Մարթին Վանթէյճ եղած էր նոր ինքնաշարժը: