«Էմ. Էլ. Էս.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Ինթեր Մայեմի 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Շիքակօ Ֆայըրը, մինչ Քոլոմպուս Քրու 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Եորք Սիթին:
Ինթեր Մայեմիի հետ տուպլէ իրագործեց ուրուկուէյցի վեթերան Լուիս Սուարես (46-րդ եւ 65-րդ վայրկեաններուն):
Ուրուկուէյահայ յառաջապահ Տիեկօ Ռուսի Մարաշլեան կոլ մը նշանակեց եւ կոլի մը փոխանցումը տուաւ Մաքսիմիլիան Արֆսթընի, որ նշանակեց Քոլոմպուսի 2-րդ կոլը:
86-րդ վայրկեանին Ալճերիացի Մոնսեֆ Պաքրար նշանակեց Նիւ Եորքի հաւասարութեան կոլը, սակայն Տըժուան Ճոնզ (93-րդ վայրկեանին), եւ Ճէյսըն Ռասըլ-Ռոու (100-րդ վայրկեանին) նշանակեցին Քոլոմպուս Քրուի կոլը, որ կը գրաւէ Արեւելեան շրջանի դասաւորման 3-րդ դիրքը (49 կէտ), Ինթեր Մայեմիի (59 կէտ) եւ Սինսինաթթիի (51 կէտ) ետին: Քոլոմպուս 25 մրցում կատարած է, մինչ միւս խումբերը` 27 մրցում:
Նշենք, որ Սուարես 16 կոլ նշանակած է, մինչ Մարաշլեան 10 կոլ նշանակած է եւ կատարած 12 էսիսթ:


