«Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի մրցաշարքը շարունակուեցաւ Ֆլաշինկ Մետալի մէջ, ուր անցեալ տարուան տիտղոսակիր սերպ Նովաք Ճոքովիչ անակնկալ պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց Գ. հանգրուանին:
2002-էն ի վեր թենիսի տղոց մրցումներուն, «Պիկ 3»-էն որեւէ մէկը չկրցաւ շահիլ կրան շլեմի մրցաշարք 2024-ին: «Պիկ 3» կը կոչուէին Ռոժէ Ֆետերեր (Զուիցերիա), Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա) եւ Ճոքովիչ, որոնք միասնաբար գրաւած էին տղոց թենիսի բոլոր մրցաշարքերը:
Ֆետերեր լքած էր թենիսը 2022-ին, իսկ Նատալ կը փորձէր վերադառնալ, սակայն տակաւին չի կրնար իր մակարդակը վերստին ունենալ: 38 տարեկան Նատալ 22 կրան շլեմի մրցաշարք շահած էր 2 տիտղոսով աւելի` Ֆետերերէն, սակայն «երիտասարդ» Ճոքովիչ (37 տարեկան), որ անցեալ «Եու. Էս. Օփըն»-ին իր 24-րդ կրան շլեմի տիտղոսը շահեցաւ, կը շարունակէ ամէնէն երկարակեաց թիւ 1 դասուած թենիսմենը մնալ` 428 շաբաթ մնալով թենիսմեններու գագաթին վրայ (մրցանիշ), 13 տարբեր տարիներու ընթացքին:
Ճոքովիչ, որ ամիս մը առաջ միակ չշահած տիտղոսն ալ շահեցաւ` Ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալը` Սերպիոյ հետ, 3 ժամ 20 վայրկեան մրցումէ մը ետք անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ալեքսի Փոփիրինէն (25 տարեկան)` 6-4, 6-4, 2-6 եւ 6-4 արդիւնքով: 28-րդ դասուած Փոփիրին ըսաւ. «Բաւական լաւ թենիս խաղցայ…. Դ. հանգրուան հասնիլը կրան շլեմի մրցաշարքի, յաղթելով պատմութեան լաւագոյն թենիսմենին անհաւատալի բան մըն է»:
Ճոքովիչ յայտնեց, թէ իր ամբողջ ուժը Ողիմպիականի մրցումներուն տուած էր եւ պարզապէս մասնակցած էր, քանի «Եու. Էս. Էփըն»-ը տարբեր տեղ ունէր իր սրտին մէջ:
«Ցաւ չունէի բնաւ… Պարզապէս հանգիստի պակասը ունիմ», ըսաւ Ճոքովիչ, որ իր ասպարէզի ամէնէն վատ թենիսը կը խաղար, իր կարծիքով:
2017-էն ի վեր առաջին տարին է, որ Նովաք Ճոքովիչ ոչ մէկ կրան շլեմի մրցաշարք կը շահէր:
Ճոքովիչի պարտութենէն օր մը առաջ, սպանացի թիւ 3 թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր նետերլանտցի թենիսմեն Պոթիք Վան տը Զանտշուլփէն` 6-1, 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով:
Զանտշուլփ, որ Շափովալովին ալ դուրս ձգած էր, երէկ բրիտանացի Ճեք Տրէյփըրէն 6-3, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Աղջիկներու մրցումներուն, ղազախ Էլենա Ռիպաքինա վիրաւոր ըլլալուն պատճառով քաշուեցաւ մրցաշարքէն: Ռիպաքինա (4-րդ), որ վերջին տարիներուն լաւագոյն 3-ին մէջ էր, երկար ժամանակէ ի վեր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով սկսած է նահանջել:
8-րդ դասուած Պարպորա Քրէյչիքովա, որ Ուիմպըլտընի աւարտականին, հասած էր, իր կարգին անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր ռումանացի Էլենա Կապրիելա Ռուզէէն` 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով:
Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ճորտըն Թոմփսըն (Աւստրալիա) – Մաթէօ Առնոլտի (Իտալիա) 7-5, 6-2 եւ 7-6
Ալեքս Տը Մինաոր (Աւստրալիա) – Տանիէլ Իվընզ (Բրիտանիա) 6-3, 6-7, 6-0 եւ 6-0
Տանիլ Մետվետեւ (Ռուսիա) – Ֆլաւիօ Քոպոլլի (Իտալիա) 6-3, 6-4 եւ 6-3
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Իկա Շվիանթեք (Լեհաստան) – Անասթասիա Փաւլիուչենքովա (Ռուսիա) 6-4, 6-2
Պէաթրիս Հատտատ Մայս (Պրազիլ) – Աննա Քալինսքայա (Ռուսիա) 6-3, 6-1