Ուրուկուէյցի ֆութպոլիստ Խուան Իսքիերտօ, որ 5 օր առաջ Սան Փաուլօ-Նասիոնալ մրցումին (Լիպերթատոր բաժակ) պահուն դաշտին մէջ ուշքը կորսնցուցած եւ փոխադրուած էր հիւանդանոց, մահացաւ սրտի կաթուածի պատճառով:
4 օր մնալէ ետք Սան Փաուլոյի «Ալպերթ Այնշթայն» հիւանդանոցին մէջ, Իսքիերտոյի սրտի տրոփումները չէին փոխուեր եւ անակնկալ ձեւով սիրտը կանգ առած էր` պատճառ դառնալով մահուան:
27 տարեկան պաշտպանը եղած էր Փենիարոլի, Լիվըրփուլ Մոնթեվիտէոյի (Ուրուկուէյ) եւ վերջերս Նասիոնալի մարզիկ: