Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիպալա… Ուրախութիւն Համակիրներուն Ցաւ` Ռոմային

Սեպտեմբեր 2, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

30 տարեկան Փաուլօ Տիպալա ո՛չ ըսաւ 3 տարուան պայմանագրութեան եւ 75 միլիոն եւրոյին, զորս առաջարկած էր Քատիսիա խումբը:

Քանի մը պատճառներ կային այս «ո՛չ»-ին, որ պատճառ դարձաւ, որ Ռոմայի համակիրները աւելի եւս զինք սիրեն:

Ամէն ինչ վերջացած կը թուէր, եւ արժանթինցի Տեպալա պիտի միանար արաբական Քատիսիա խումբին, սակայն վերջին վայրկեանին ամէն ինչ փոխուեցաւ:

Հինգշաբթի օր սկզբունքով Տիպալայի վերջին օրը պիտի ըլլար, եւ թեթեւ մարզանքէ ետք ան կը մեկնէր տուն, երբ համակիրներ կը սպասէին իրեն` նկարուելու հետը, ստորագրութիւն պահանջելու եւ մաս մըն ալ աղաչեցին իրեն, որ մնայ: Տիպալա առանց ժպիտի նոյնիսկ նկարուեցաւ եւ մեկնեցաւ:

Գիշերը ան նկար դրաւ «Ինսթակրամ»-ի վրայ Ռոմայի տարազով…

«Շնորհակալ եմ Ռոմա… կիրակի կը տեսնուինք»:

Անակնկալ էր այս որոշումը, եւ ան պայմանագրութիւնը` Սէուտական Արաբիոյ Քատիսիա խումբին հետ պատռեց` նշելով. «13 տարիէ ի վեր Իտալիա կ՛ապրիմ եւ տունիս պէս կը զգամ, ուր որ գացեր եմ շատ լաւ ժամեր անցուցած եմ: Ուրախ եմ հոս, եւ ընտանիքս ալ տան պէս կ՛ապրի հոս: Որոշումս տուի, եւ պէտք է կեդրոնանամ ապագայիս վրայ»:

Վստահ զանազան պատճառներ կային… Համակիրներու սէրը եւ քաղաքը, որ Տիպալայի համար իր տունին նման է, եւ վճիռը, որ վերջնականապէս Արժանթինի ազգային խումբին մաս չկազմէ (եթէ մեկնի Սէուտական Արաբիա), ինչպէս նաեւ խմբակիցներ Լէանտրօ Փարետեսի եւ Մաթիաս Սուլէի, որոնք զինք համոզեցին, որ մնայ: Նոյնիսկ իր տիկինը Օրիանա եւ մայրը դէմ էին մեկնելու Սէուտական Արաբիա, տարբեր մշակոյթի եւ կեանքի կենցաղներու վարժուելու: Հիմա, որ Տիպալա մնաց Ռոմա, իր ակումբը Սէուտական Արաբիոյ Հիլալ խումբի աջ ծայր յետսապահ Սէուտ Ապտիւլհամիտը ձեռք ձգեց, դառնալով առաջին սէուտցի ֆութպոլիստը` լաւագոյն 5 եւրոպական ախոյեանութիւններուն:

2022-ին, Եուվենթուսէն միացած Տիպալա 53 մրցումներ կատարած է Ռոմայի հետ` նշանակելով 25 կոլ եւ 15 էսիսթ: Սակայն այս մէկը բաւարար չէ Ռոմայի համար որ յունուարին ստիպած է ամսականի յաւելում տալ Տիպալային, այդ ամսականը պիտի հասնի մօտ 9 միլիոն եւրոյի (տարին), մինչ ակումբը կ՛ուզէր «ծախել» արժանթինցի փլէյմէյքըրը, որ շատ ալ հիմնական դեր չունի ակումբին մէջ:

 

Նախորդը

«Էմ. Էյ. Էս.». Մարաշլեան 1 Կոլ Եւ Էսիսթ Կատարեց

Յաջորդը

«Փրեմիեր Լիկ». Տեքլըն Ռայսի Կարմիր Քարտը Եւ Պորնմաութի Մրցանիշը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կ՛որոշուի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մրցակիցը

Յուլիս 9, 2025
Հեծելարշաւ.  Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր

Յուլիս 9, 2025
Ըմբշամարտ.  Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ըմբշամարտ. Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?