Երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կատարեց իր առաջին փորձ-մրցումը` Գ. դասակարգի Օլիմփիք Տմիթի դէմ մրցումով մը:
Խումբը, որ 15 օր առաջ սկսած էր լուրջ փորձերու, մեծ մասամբ պահած է իր մարզիկները եւ ինքզինք աւելի եւս զօրացնելու վրայ է, մանաւանդ որ ան կը փորձէ անպայման բարձրանալ Գ. դասակարգ:
Երէկ Պուրճ Համուտ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ դաշտ ներկայացուց մեծ թիւով երիտասարդ մարզիկներ, որոնց կարգին անցեալ շաբաթ երիտասարդներու ախոյեանութեան մասնակցած տղաք:
Արամ Ճեմեզեան 2 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Փոլ Քաճոյեան լաւ ելոյթ մը ունեցաւ: Խումբին արդէն իսկ վերամիացած է Յակոբ Նաճարեան, մինչ 3 կոլեր նշանակեց նոր մարզիկ Սուէյտանը, մինչ 4-րդ կոլը նշանակեց Իպրահիմ Մուսաուի:
Ինչպէս նշեցինք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը պատրաստուի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքին եւ անշուշտ 2024-2025 տարեշրջանի ախոյեանութեան: