Օլմօ Շատ Ուրախ Է Պարսելոնայի Հետ Եւ Յաղթանակի Ծարաւ
Պարսելոնայի միջնապահ Տանի Օլմօ յայտնեց, թէ քաթալոնական կազմի բոլոր խաղցողներն ալ տիտղոսներ շահելու ցանկութիւնը ունին: «Ես նոր յաղթած եմ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը եւ չեմ յոգնիր յաղթելէն: Ես կ՛ուզեմ միշտ յաղթել: Ֆութպոլիստը չի կրնար կշտանալ յաղթանակներէ, եւ մեր խումբին մէջ կ՛ուզեն եւ կը ցանկան Պարսելոնայի հետ կրկին տիտղոսներ նուաճել», նշեց Օլմօ: Օլմոն օգոստոսին միացաւ Պարսելոնային` Ռէտ Պուլ Լայփցիկէն փոխադրուելով 55 միլիոն Եւրոյի...




















