Իտալիոյ ազգային խումբի նախկին աստղերէն եւ 2006-ին աշխարհի Անտրէա Փիրլօ պաշտօնանկ եղաւ Սամտորիա ակումբի մարզիչի իր պաշտօնէն, ինչպէս կը հաղորդէ Ճենովայի շրջանի ակումբին մամլոյ ծառայութիւնը:
Իտալիոյ «Սերի Պէ.»-ի մէջ 3 հանգրուաններէն 1 կէտ ձեռք ձգած Սամտորիա որոշեց գործէ արձակել Փիրլոն, ինչպէս նաեւ օգնականներ Ռոպերթօ Պարոնիոն, Մաուրօ Պերթոնին, Նիքոլա Փաւարինին եւ Ռաֆայէլ Քլեմենթէն:
45 տարեկան մասնագէտը Սամտորիան կը մարզէր 2023-էն ի վեր, եւ անցեալ եղանակին խումբը գրաւած էր 7-րդ դիրքը «Սերի Պէ.»-ի մէջ (Իտալիոյ Բ. դասակարգ), իսկ աւելի ուշ փլէյ օֆի մրցումներուն քառորդ աւարտականին պարտուած էր Փալերմոյէն (2-0):