Նիժնի Նովկորոտի «Փարրի» խումբի միջնապահ Վալերի Ծառուկեան խօսած է Հայաստանի ազգային խումբին հետ խաղալու ցանկութեան մասին: Միեւնոյն ժամանակ ան խոստովանած է նաեւ, որ հաճելի կ՛ըլլար հրաւէր ստանալ Ռուսիոյ ազգային խումբէն:
«Ես իսկապէս կը ցանկամ ազգային խումբին հետ ելոյթ ունենալ: Ատիկա ըլլայ Ռուսիոյ, թէ Հայաստանի: Բնականաբար ես հայ եմ եւ շատ կ՛ուզեմ ներկայացնել իմ հայրենիքս: Բայց Ռուսիան ալ իմ երկիրս է: Տեսնենք, թէ ուրկէ՛ կու գայ առաջարկը: Լաւ կ՛ըլլայ, եթէ Քարփին (Ռուսիոյ մարզիչ) զանգէ ինծի, անշուշտ եթէ Ռուսիան վերադառնայ միջազգային ֆութպոլ: Ատիկա հիանալի կ՛ըլլայ», ըսած է Ծառուկեան:


