Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութիւնը կը շարունակուի:
Շանթ Սարգսեան սեւ քարերով պարտութեան մատնեց ազրպէյճանցի Վուկար Ասատլին:
6-րդ խաղափուլէն ետք, 5,5 կէտով առաջին դիրքը կը գրաւէ սերպ Ալեքսանտր Ինչիչ: 5 կէտերով անոր կը յաջորդեն Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան: Շանթ Սարգսեան, Արամ Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան 4,5 կէտ ունին:
Նշենք, որ 11 խաղափուլ տեղի պիտի ունենայ: