Արլինկթընի (Թեքսաս) մէջ բռնցքամարտի սիրահարներու կեդրոնացումը պիտի ուղղուի պատմական ախոյեան Մայք Թայսընի բռնցքամարտի մրցումին վրայ «Եու Թիուպ»-ի աստղ եւ արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Ճէյք Փոլի դէմ:
7 մրցումներ տեղի պիտի ունենան վաղը գիշեր, բայց սպասուած մրցումը պիտի ըլլայ տարբեր սերունդներու պատկանող մարտիկներու միջեւ, ուր 58 տարեկան Թայսըն, որ 2005-էն ի վեր մրցում չէ կատարած, պիտի մրցի իրմէ 30 տարի երիտասարդ Փոլի դէմ:
Մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար 20 յուլիսին, բայց Թայսըն ճամբորդութենէ ետք ստամոքսի հարց ունեցած էր` պատճառ դառնալով մրցումի յետաձգումին:
«Այրըն Մայք» (երկաթեայ Մայք), որ 56 մրցումներ կատարած է իր ասպարէզի ընթացքին` յաղթելով 50-ին, որոնց 44-ը` նաք-աութով, պատմութեան ամէնէն սարսափելի բռնցքամարտիկն էր, մինչ Փոլ, որ սկսած էր ցուցադրական մրցումներով, ժամանակի ընթացքին արհեստավարժ բռնցքամարտիկ դարձաւ եւ 11 մրցումներուն 10-ը յաղթանակով աւարտած է, որոնց 7-ն նաք-աութով:
«Անհամբեր կը սպասեմ Փոլին դէմը մրցելու: Ան բաւական յառաջդիմած կ՛երեւի տարիներու ընթացքին հետաքրքրական է տեսնել, թէ տենչ ունեցող տղան ի՞նչ կրնայ ընել պատմութեան լաւագոյն եւ փորձառու մարտիկին դէմ», ըսաւ Թայսըն:
Շատեր կը կարծեն, թէ Թայսընի յաղթանակը ոչ մէկ բան պիտի փոխէ իր բռնցքամարտի ասպարէզին գծով, եւ հաւանական է, որ պարտուի: Պաշտօնական տեղեկութիւն չկայ, թէ ի՛նչ պիտի շահին երկու մարզիկները, բայց Փոլ ըսած է. «Ես պիտի ներկայանամ 40 միլիոն տոլար շահելու` յաղթելով պատմական մրցակիցի մը»:


