Ռէալ Մատրիտ ակումբը կապուած է քանի մը ակումբներու հետ, որոնք նախապէս հետաքրքրուած էին կարգ մը մարզիկներու փոխանցումներու հարցով:
Կը նշուի, որ շատ լաւ առաջարկի մը պարագային, Ռէալ Մատրիտ մինչեւ իսկ պատրաստ է «ծախելու» Վինիսիուս Ճունիորը: Քանի մը ամիսէ ի վեր սէուտական քանի մը ակումբներ կապուած էին Վինիսիուսի ծառայութեան պայմաններուն մասին տեղեկութիւն ստանալու:
Ռէալ Մատրիտ կրնայ վաճառել նաեւ բերդապահ Անտրէ Լունինը, միջնապահներ Օրելիեն Չուամենին, Ֆետերիքօ Վալվերտէն, Էտուարտօ Քամավինկան եւ յառաջապահ Ռոտրիկոն:
Ֆիորենթինա Փերեսի համար միայն մէկ ֆութպոլիստ կայ, որուն հեռանալը բացարձակապէս կը բացառուի, այդ ալ ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէն է, որ Փերեսի համար կը նկատուի ակումբի նոր նախագիծին կեդրոնական դէմքը:
Շրջանառութեան մէջ դրուած են լուրեր, թէ նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ (Մանչեսթըր Սիթի) եւ շուէտացի Վիքթոր Եոքերեշ (Սփորթինկ Լիզպոն) կը ցանկան իրենց ասպարէզը շարունակել Ռէալ Մատրիտի հետ:
Ըստ սպանական «Ռելեվօ»-ին, Ռէալ կրնայ որոշում կայացնել վերոյիշեալ մարզիկներէն մէկուն հետ միայն: Հաալանտի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 200 միլիոն եւրոյով, մինչ Եոքերեշի փոխանցման արժէքը` 70 միլիոն եւրոյով:
«Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն, Հաալանտ 11 մրցումներուն նշանակած է 12 կոլ: Փորթուգալի ախոյեանութեան, Եոքերեշ 11 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 16 կոլ:
Յառաջիկայ ամառ ՌԷալ Մատրիտ փոխանցումներու իր գլխաւոր թիրախը ընտրած է ֆրանսացի կեդրոնի յետսապահ Ուիլիամ Սալիպան: Արսենալի պաշտպանը վստահաբար ուրախ է այս երեւոյթէն եւ կը փափաքի մաս կազմել Ռէալին, սակայն Արսենալ առայժմ ոչ մէկ կարծիք յայտնած է այս լուրերուն մասին: 23 տարեկան ֆրանսացի մարզիկին փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 80 միլիոն եւրոյով:
Մինչ այդ Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ ազգային խումբի յաջորդ մրցումները դիտելու եւ գնահատելու համար ներկայացուցիչներ ուղարկած է` լաւապէս ուսումնասիրելու Թոթենհամի աջ յետսապահ Փետրօ Փորրոյի եւ Նասրի կեդրոնի յետսապահ Այմերիք Լափորթէի հետ պայմանագրութիւն կնքելու կարելիութիւնը:


